ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի դէպի Աւստրալիա հովուապետական այցելութիւնը կը շարունակուի խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուելս նահանգի խորհրդարանը։ Նորին Սրբութեան ի պատիւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ նահանգային խորհրդարանէն ներս։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ նահանգապետ Կլատիս Պերեճիկլեանի կողմէ։ Նահանգային խորհրդարանի նախագահ Ճոն Աճաքա եւ նահանգապետ Կլատիս Պերեճիկլեան ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Նորին Սրբութեան այցելութեան առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետն ալ խօսք ուղղեց այս ընդունելութեան մասնակիցներուն, որոնց շարքին էին զանազան եկեղեցիներու եւ աւստրալահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Բաց աստի, անցեալ կիրակի Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Սիտնիի Ս. Յարութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Հայրապետական Ս. Պատարագին եւս ներկայ գտնուեցան Կլատիս Պերեճիկլեան եւ շրջանային խորհրդարանէն ներկայացուցիչներ, միջեկեղեցական հիւրեր եւ անշուշտ հոծ թիւով աւստրալահայեր։ Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառին առընթերակայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի պատասխանատու Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Աւստրալիոյ ու Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեան։

Նոյն օրը երեկոյեան, Թեմական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը կազմակերպուեցաւ ի պատիւ Նորին Սրբութեան։ Գեղարուեստական յայտագիր մըն ալ գործադրուեցաւ այս հաւաքոյթի ընթացքին։ Վեհափառ Հայրապետը ճաշկերոյթի մասնակիցներուն փոխանցեց իր պատգամը։

Միւս կողմէ, հովուապետական այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ կատարուեցաւ Աւստրալիոյ հայոց թեմի նորակառոյց առաջնորդարանի բացումը։

Վեհափառ Հայրապետը երէկ այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Սիտնիի կաթոլիկ մայր տաճարը, ուր հիւրընկալուեցաւ տեղւոյն վիճակաւորին՝ Էնթընի Արք. Ֆիշըրի կողմէ։ Այցելութեան առթիւ Նորին Սրբութիւնը հարցազրոյց մըն ալ տուաւ Սիտնիի կաթոլիկ առաջնորդարանի «Catholic Weekly» թերթին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019