ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհատարած թեմերը այս շրջանին շարժման անցած են՝ Արցախի կրօնական ու պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան ուղղութեամբ։ Յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական ժառանգութեան արժէքներու եւ սրբավայրերու գոյութիւնը երաշխաւորելու նպատակով կը տարուին բազմակողմանի աշխատանքներ։ Այս ծիրէն ներս, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս ալ ստեղծուած է մասնաւոր յանձնախումբ մը՝ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ։

Ըստ Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ, 2020 թուականի դեկտեմբերի սկզբնաւորութեան կազմուեցաւ Արցախի Մշակութեային ժառանգութեան պահպանման յանձնախումբը: Յանձնախումբի առաքելութիւնն է՝ հետապնդել բոլոր այն կրօնական, մշակութային ու պատմական արժէք ունեցող յուշարձաններու պահպանումը, որոնք Արցախի յետպատերազմեան կարգավիճակով ու 2020 թուականի նոյեմբերի 9-10-ին հրադադարի յայտարարութեամբ՝ անցան Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքոյ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ՝ կազմուեցաւ յատուկ գրասենեակ ու աշխատակազմ՝ գլխաւորութեամբ Հայր Գարեգին Համբարձումեանի, որու ջանքերը պիտի ըլլան ի մի հաւաքել եւ ցանկագրել, դասաւորել բոլոր յուշարձաններու օրինական, իրաւագիտական ու պատմական փաստաթուղթերը, հրամցնել միջազգային կառոյցներուն՝ հետամուտ ըլլալով անոնց պաշտպանութեան։ Այս սրբազան առաքելութիւնը յաջողցնելու համար, կարիք կար ընդհանուր ցանկը ունենալ բոլոր այն յուշարձաններուն, վանքերուն, եկեղեցիներուն, մատուռներուն, խաչքարերուն, որոնք այժմ դիտաւորեալ կործանման ու չէզոքացման վտանգին մէջ են: Հայր Գարեգինի ջանքերով պատրաստուեցաւ այդ մարնամասնեալ ցանկը, որմէ կարելի է հետեւցնել, որ առ այսօր Արցախի մեր կրօնա-պատմական յուշարձաններէն մօտաւորապէս 4403-ը այժմ վտանգուած են, նկատի ունենալով Ատրպէյճանի հակահայ անընդունելի վարքագիծը նախորդ տասնամեակներուն: 4403-էն 128-ը կարեւոր վանքեր, եկեղեցիներ են:

Արեւմտեան թեմի Արցախի յուշարձաններու պահպանման այս յանձնախումբը իր անդրանիկ ժողովը գումարեց 2020 թուականի դեկտեմբերի 7-ին, ու մինչեւ օրս կը գումարուի կանոնաւորապէս, մասնակցութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ու Եւրոպայէն մասնագէտ, իրաւագէտ ու կարող հայ եւ օտար անհատներու:

Ներկայիս, յանձնախումբի ժողովները կ՚ընթանան չորս բեւեռներու վրայ:

Ա.- Աշխատիլ միջազգային հանրութեան եւ կազմակերպութեանց հետ, յուշարձաններու պահպանման գործը հսկողութեան կիզակէտին վրայ պահելու համար: Դիմել միջազգային կառոյցներու, ինչպիսիք են.- WMF, Blueshield, UNESCO, որոնց գլխաւոր առաքելութիւնը նման յուշարձաններու անխաթար պահպանումն է:

Բ.- Օրինական ու փաստագրական փաստաթուղթերու վերադասաւորում եւ հրատարակութիւն:

Մայր Աթոռի կողմէ կազմուած գրասենեակը՝ գլխաւորութեամբ Հայր Գարեգին Համբարձումեանի, այդ աշխատանքներուն ներկայիս սկսած են: Միաժամանակ նաեւ կը պատրաստուի յատուկ առցանց կայք, ուր նման հրատարակութիւնները, յօդուածներն ու աղբիւրները պիտի թարգմանուին տարբեր լեզուներու եւ հրապարակուին:

Գ.- Գտնել, բացայայտել ու վերահրատարակել Արցախի վերաբերեալ սկզբնաղբիւրները, թարգմանելով զանոնք տարբեր լեզուներու, ներառեալ թրքերէնի, արաբերէնի եւ այլն: Նաեւ, քաջալերել, յանձնարարել նոր յօդուածներու գիտական ուսումնասիրութիւնը միջազգային հարթակներուն հրամցնելու համար: Հայր Գարեգին Համբարձումեան, ներկայիս կ՚աշխատի Մատենադարանի երիտասարդ գիտնական խումբի մը հետ այս գործով:

Դ.- Միջազգային գիտական համագումարներ կազմակերպել, միջազգային, ակադեմական ու քաղաքական գործիչներու ուշադրութիւնը հրաւիրելու եւ Արցախի յուշարձաններու պահպանման գործը աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու համար:

Արեւմտեան թեմի կողմէ կազմուած յանձնախումբը՝ վերջին հաշուով ու կրկին Սրբազան Հօր ջանքերով, ընդլայնուեցաւ համագործակցելով Արեւելեան թեմի ջանքերով կազմուած յանձնախումբի աշխատանքներուն: Սրբազան Հօր յանձնարարութեամբ՝ Արեւմտեան թեմը ներկայացնող ու երկու թեմերու աշխատանքները համադրող նշանակուեցան Տ. Բագրատ Ծայրագոյն Վարդապետն ու տքթ. Ռէյչըլ Կօշկարեանը: Յանձնախումբի անդամներու թիւը եւս քանակապէս մեծցաւ իր մէջ ներառելով նաեւ Աւստրիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ առաջնորդներու մասնակցութիւնն ու ներդնումը յիշեալ սրբազան առաքելութեան:

Յանձնախումբի անդամներու նուիրուած աշխատանքը պէտք է խոստովանիլ, որ բացառիկ ընթացքի մէջ է ու արդէն կազմուած են ենթա-յանձնախումբեր կազմակերպելու շարք մը համագումարներ, առայժմ առցանց կարգավիճակով, ուր պիտի շօշափուին իրաւագիտական, պատմական ու մշակութային կարեւորութիւնները Արցախի մեր պատմա-մշակութային ու կրօնական յուշարձաններուն: Միւս կողմէ, Սրբազան Հօր նախաձեռնութեամբ՝ նաեւ կապեր հաստատուած են Ճաբոնի դեսպանին հետ, Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներուն հետ յիշեալ հարցով մօտենալու համար:

Յանձնախումբի բազմաճիւղ աշխատանքները համադրելու եւ աւելի արդիւնաբեր գործունէութիւն ծաւալելու համար, 2021 թուականի փետրուարի 1-ի ժողովին իբրեւ արդիւնք կազմուեցաւ նաեւ կազմուած բոլոր յանձնախումբերու կողմէ երկու ներկայացուցիչներ, որոնք պիտի համադրեն յանձնախումբերու Արեւմտեան, Արեւելեան, Եւրոպայի, Ռուսաստանի եւ Մայր Աթոռի աշխատանքները: Սոյն յանձնախումբը իր անդրանիկ ժողովը պիտի գումարէ յառաջիկայ օրերու ընթացքին:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021