ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Ս. Պատարագի ընթացքին երէկ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 11 երիտասարդ միաբան քահանայական օծում ստացաւ՝ համալրելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը։ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին ընդառաջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւնը։

Իրաքի թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան մատոյց երէկուան Ս. Պատարագը, որու ընթացքին կատարեց ձեռնադրութիւնը եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ձեռնադրեալներուն խօսք ուղղելով ան ըսաւ. «Քրիստոսի խօսքը ձեզի համար թող ըլլայ ձեր վահանը, ձեր սուրը եւ ձեր խաչը, որպէսզի կարողանաք ամբողջանուէր ծառայել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ»։ Նորին սրբազնութիւնը հաւատացեալներուն ալ յորդորեց առ Աստուած աղօթք բարձրացնել՝ որպէսզի նորընծայ քահանաները ամուր ու հաստատ մնան իրենց կարգին մէջ։

Երէկ երեկոյեան, Մայր Աթոռի Ս. Գայիանէ վանքին մէջ ալ տեղի ունեցաւ վեղարի տուչութեան արարողութիւն։ Արդարեւ, երէկուան 11 ձեռնադրեալներէն հինգը կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է։

Հարկ է նշել, որ նորաօծ քահանաները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կ՚անցընեն քառասնօրեայ պատրաստութեան, ապաշխարութեան եւ աղօթքի շրջանը, որու աւարտին հոգեւոր վերին իշխանութեան տնօրինութեամբ ծառայութեան պիտի կոչուին Հայ Եկեղեցւոյ զանազան կառոյցներէն կամ թեմերէն ներս։

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2024