ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՅՈՐԴՈՐՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՍԿԻԶԲԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ յորդորով մը հանդէս եկաւ Մեծ պահոց սկիզբին առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետի պատգամին մէջ կը կարդանք հետեւեալը։

*

Սիրելի բարեպաշտ զաւակներ մեր,

Այսօր կը սկսի Մեծ պահքը, ապաշխարութեան խորհրդաւոր շրջան, որու ընթացքին մենք առանձնակի պատրաստութեամբ կը նորոգենք մեր անձերը, միտքն ու հոգին՝ մաքուր սրտերով ընդունելու համար մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան աւետիսը։

Մեծ պահքը հրաւէր է վերատեսութեան ենթարկելու եւ ճշմարիտ պատուիրանապահութեամբ սրբագրելու մեր կեանքի ընթացքը՝ աղօթքով ու բարի գործերով զայն հաստատելու տէրունապատուէր սիրոյ, հաւատի ու յոյսի մէջ։

Պահեցողութեան լուսաւոր խորհուրդը կը զօրացնէ հաւատքը եւ նորոգութիւն կը բերէ մեր կեանքին՝ դառնալով կարեւոր միջոց հոգեւոր-բարոյական արժէքներու ամրապնդման եւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան զօրացման։

Այս հոգեւոր ճամբորդութեան սեմին կը յորդորենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներուն ջերմեռանդ աղօթքով անցընել պահքի շրջանը, ներհայեցողութեամբ ու պահեցողութեամբ կեանքը իմաստաւորել հոգիի առատ պտուղներով, հաւատարիմ մնալ քրիստոնէական վկայութեան մէջ, որպէսզի մեր Տիրոջ Սուրբ Յարութեան տօնին արժանանանք Իր կենսապարգեւ շնորհներուն եւ երկնառաք օրհնութիւններուն։

«Նորոգուեցէք ձեր մտքի նորոգութեամբ, որպէսզի դուք քննէք լաւը եւ թէ ինչ է Աստուծոյ կամքը բարին եւ հաճելին եւ կատարեալը» (Հռոմ. 12։ 2)։

Երկնաւոր մեր Տիրոջ շնորհը, սէրը եւ խաղաղութիւնը թող ամենքիս հետ ըլլան։ Ամէն։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2019