ՆԵՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒՄ

Մեր Տիրոջ երկրային առաքելութեան վերջին գիշերն էր- վերջին գիշերը՝ ազատօրէն եւ անկաշկանդ արտայայտուելու իր սիրած անձերուն մօտ։ Եւ Քրիստոս նախընտրեց, որ այդ մի քանի թանկագին ժամերը իր ընկերներով շրջապատուած ըլլայ, ընթրիքի սեղանին շուրջ հաց կիսելով եւ իր Հօրը աղօթելով անցընէ։

Այդ գիշեր Յիսուս իր աշակերտներուն քնքշօրէն խօսեցաւ։ Բայց՝ հակառակ անոր, որ տխրութիւնը պատած էր իր հոգին, կարծէք աճապարանքի մէջ էր իր սիրած աշակերտներուն ներարկելու այն Հոգին, որ պէտք պիտի ունենային կարենալ շարունակելու իր առաքելութիւնը- «Փոքրիկներս»- ըսելով դիմեց անոնց, «ես ձեզի հետ պիտի ըլլամ շատ քիչ ժամանակով»։ Յետոյ Ան բացատրեց, որ կորսուած փոքրիկներու պէս անոնք որ Զինք կը փնտռեն, շուտով պիտի գտնեն, «բայց ուր որ ես կ՚երթամ դուք չէք կրնար գալ»։ Յամենայնդէպս Ան պատուիրեց՝ «Սիրեցէք միմիանց, ինչպէս որ ես սիրեցի ձեզ»։ (Յովհ. 13.33-34)

Քրիստոսի համար խաչելութեան ուրուականը կեցած էր Իր առաջ: Բայց Ան շարունակեց իր հետեւորդներուն համոզել, որ ցաւի ու տառապանքի աղբիւր եղող Աշխարհը չի կրնար վերջին խօսքը ունենալ։

«Այս բաները որ ես խօսեցայ ձեզի հետ, որպէսզի Իմ միջոցաւ խաղաղութիւն ունենաք: Այս աշխարհին մէջ դուք նեղութիւն պիտի ունենաք» - Յիսուս զգուշացուց զիրենք- «Բայց ուրախ եղէք. Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհ. 16:33):

Տուեալ պահուն շատ դժուար էր հաւատալ Անոր հաւաստիացումին: Բայց ճիշդ էր ըսածը. Զատկուան կիրակի օրը Քրիստոս Յարութիւն առաւ մեռելներէն - ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ: Եւ Իր յարութեամբ Ան յաղթահարեց մեղքի ու մահուան մէջ պատանդ պահուած աշխարհը:

Գրեթէ երկու հազար տարի անց, ինչ որ Յիսուս ըսած եւ ըրած էր Իր վերջին ընթրիքի ժամանակ, կեանք պարգեւող Սուրբ Պատարագի միջոցով կը մնայ մեզի հետ։ Մենք Իր աշակերտներն ենք եւ արտօնութիւնը ունինք սուրբ սեղանի շուրջ միանալու մեր Տիրոջը եւ լսելու Իր Խօսքը:

Քրիստոս Իր երեխաներուն հետ սրտին խորքէն խօսած է շատ ձեւերով: Որպէս հայ քրիստոնեաներ, կ՚անդրադառնանք, թէ մեր պատմութեան իւրաքանչիւր վճռական անկիւնադարձ պատասխան է մեզի ճիշդ այն ձեւով, որ Յիսուս Քրիստոս խորհրդաւոր կերպով մեզի համար յայտնուած է: Բնական է, Ան կը շարունակէ խօսիլ մեր հետ նոյնիսկ մեր առանձնութեան մէջ, բաժանումի, ցաւի ու կորուստի պահերուն ըլլան անոնք ֆիզիքական թէ հոգեկան ցաւերուն ընդմէջէն։

Այս օրերուն մեզմէ շատեր բաժնուած են ընկերներէն, ընտանիքէն, եկեղեցւոյ առօրեայ կեանքէն՝ մեր երեւակայածէն ա՛լ աւելի ժամանակով։ Հարազատներու եւ հայրենակիցներու կորուստը մեզ սուգի մատնած է։ Անհաշիւ են կորուստները ամբողջ աշխարհը վարակող հիւանդութենէն, սակայն հայերուս համար յաւելեալ կորուստներ եղան Պէյրութի աղիտալի պայթիւնին պատճառով։ Իսկ ամենէն ցաւալին՝ քառասունչորսօրեայ պատերազմին հետեւանքով մեր նախնիներուն հայրենիք Հայաստան-Արցախին վիճակուած կորուստն է, մեր պատմական աշխարհին կրած կորուստներն են- ըլլան անոնք անհամար երիտասարդ զոհեր թէ թանկագին պատմական սրբավայրերու կորուստ։

Այս բոլոր իրողութիւններուն դէմ յանդիման մեր Տիրոջ խօսքերուն արձագանգն է, որ կը լսենք- «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի կրէք»։ Մենք կը յիշենք, որ Քրիստոս Ի՛նքը անծանօթ մը չէր մեր ներկայի ցաւին, վիշտին, տանջանքին, աքսորի եւ առանձնութեան զգացումներուն համար:

Բայց ասիկա մեր ամենամեծ մօտեցումի ու շփման կէտն է Տիրոջ հետ: Իրօք, մենք երբեք աւելի մօտ չենք եղած Աստուծոյ, եւ Ան երբեք մեզի աւելի մօտ չէ, քան երբ մենք կախուած ենք Խաչէն, Իր միածին Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ: Ասիկա է քրիստոնէական հաւատքի խորքը եւ գերագոյն եզակի իմաստը, որ հաստատուեցաւ Ս. Պօղոսի կողմէ, երբ ան գրեց. «Ես խաչակից եմ ընդ Քրիստոսի, եւ այլեւս ես չէ որ կ՚ապրիմ այլ՝ Քրիստոսն է որ կ՚ապրի մէջս։ Կեանքը որ հիմա կ՚ապրիմ այս մարմնին մէջ, կ՚ապրիմ Աստուածորդոյն հաւատքով, որ սիրեց զիս եւ կեանքը տուաւ ինծի համարե։ (Գաղ. 2.20):

Մենք մեզ պէտք չէ խաբենք, որ Առաքեալը այստեղ պարզապէս այլաբանական խօսքով կը դիմէր: «Խաչակից ընդ Քրիստոսի» ըլլալով կ՚ընդունի Յիսուսին որպէս Տէր հետեւիլ մինչեւ Գողգոթա։ Ինչպէս դարերու ընթացքին նահատակները հասկցան, որ Քրիստոս ուղղակիօրէն մեզի հետ կը խօսէր երբ կ՚ըսէր թէ «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք»: Այս է տխուր, աննկուն անփոփոխ ճշմարտութիւնը, որ մեր Տէրը բացայայտած է անոնց համար, որոնց կը սիրէ:

Բայց, Քրիստոս Իր իսկ ահաւոր չարչարանքին նախորդող գիշերը Իր սիրելիներուն մէկ այլ ճշմարտութիւն եւս ըսաւ: «Քաջալերուեցէք»,- ըսաւ Ան «Ես յաղթահարեցի աշխարհը»: Այդ նոյն խոստումն է, որ մենք բոլորս պէտք է լսենք, երբ կը դիմագրաւենք մեր սեփական մեծ ու փոքր գողգոթաները. երբ մենք մեր Տէր Յիսուսին կը միանանք Խաչի վրայ: Անիկա այն հաւատքն է, որ մեր հայ նահատակները պատմութեան ընթացքին, մինչեւ մեր օրերը, իրենց կեանքը գիտակցօրէն տուած են: Անիկա այն պարտականութիւնն է, որ մենք կը ստանձնենք, երբ մենք կ՚որոշենք Քրիստոսի Մարմինը կառուցել մեր իսկ կեանքին մէջ, մեր ընտանիքներուն, մեր ծուխերուն, մեր հայրենիքին եւ մեր աշխարհին մէջ:

Այդ նոյն պատգամն է, որ մեր ականջներուն մէջ պէտք է հնչէ, այս տարի եւ ամէն տարի, երբ լսենք այս խորհրդաւոր խօսքերը, որոնք միշտ մեր ժողովրդին եւ Քրիստոսի բոլոր ճշմարիտ աշակերտներուն օգնած են յաղթահարելու աշխարհը։

Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց:

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

ԴԱՆԻԷԼ ԵՊՍԿ. ՖԸՆՏԸՔԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021