ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՍՈՒՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿ ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ

Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան սկիզբի ամենախորհրդաւոր արարողութիւններէն մին։ Այսպէս, Սրբոց Տասն Կուսանաց յիշատակութեան առթիւ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն մասնակցութիւն բերին նաեւ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ։ Աշակերտներուն ուղեկցեցան նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ ուսուցչուհիներէն Աննա Սարըսեչքին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2023