ՄՈՆՐԷԱԼԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս, երէկ, Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մասնակցութիւն բերաւ Սրբոց Տասն Կուսանաց յիշատակութեան արարողութեան։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան հանդիսապետեց արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեան։ Արարողութեան մասնակցեցան փոքրիկներ՝ խորհրդանշելով Ս. Աւետարանի մէջ ներկայացուած Տասն կոյսերը։

Թեմակալ առաջնորդի տնօրինութեամբ արարողութեան ընթացքին քարոզ մը խօսեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, բոլոր երիտասարդուհիները նորին սրբազնութեան հայրական օրհնութեան եւ գնահատանքին առարկայ դարձան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2023