ՍԻՍԻ ԴԱՏԻՆ ՆՈՐ ՓՈՒԼԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները վերջին օրերուն հերթական անգամ լուսաբանութիւններով հանդէս եկան՝ Սիսի երբեմնի Սուրբ Սոֆիա մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսական համալիրի սեփականութեան իրաւունքին վերատիրանալու նպատակով Թուրքիոյ մէջ բացուած դատի ընթացքին շուրջ։ Անթիլիասի աղբիւրները հերթական անգամ շեշտած են, որ այս դատը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի ծիրէն ներս առաջին իրաւական քայլն է։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ մէջ Նախադատ ատեանը արձակած է իր վճիռը եւ ներկայիս թղթածրարը կը գտնուի Վերաքննիչ ատեանի մօտ։

Կիլիկեան Աթոռի Իրաւական յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն հայ եւ օտար իրաւաբաններ, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, մօտէն կը հետեւի այս իրաւական գործընթացի իրադարձութիւններուն։

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2022