ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի Առաքելական գրադարանի եւ Գաղտնի արխիւներու ղեկավար Մոնս. Ժան-Լուի Պրիւկէսի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն կ՚ընկերանար Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան։

Վեհափառ Հայրապետը Վատիկանի պատուիրակութեան անդամներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութեան առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հետ Հայոց Եկեղեցւոյ ջերմ կապերուն եւ գործադրութեան։ Ան այս առումով վառ վկայութիւն մը նկատեց Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ քահանայապետներուն՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի եւ Ֆրանսիսքոս Ա.-ի այցելութիւնները՝ դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ Վատիկանի առաքելական գրադարանի եւ գաղտնի արխիւներու բաժանմունքին կողմէ 1915-ի վերաբերեալ արժէքաւոր փաստաթուղթերու ցուցադրման, հրապարակման եւ ուսումնասիրութեան համար գիտնականներուն տրամադրութեան կապակցութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ սա կարեւոր ներդրում մըն է Վատիկանի կողմէ եւ այս կապակցութեամբ ընդգծեց իր մասնաւոր գնահատանքը Հռոմի Քահանայապետական արեւելագիտութեան կաճառի եկեղեցական իրաւունքի ֆաքիւլթէէն Փրոֆ. Հայր Ժորժ Անրի Ռույսէնի նկատմամբ, որ մաս կը կազմէ հիւր պատուիրակութեան։ Հարկ է նշել, որ իր ջանքերով հրապարակուած է 1915-ի վերաբերեալ պատմական փաստաթուղթերու բազմահատոր աշխատութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ նաեւ երկու եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած գործակցութեան շրջանակներէն ներս Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու ուսումնառութեան մասին։

Իր հերթին, Մոնս. Պրիւկէս արտայայտեց իր ուրախութիւնը Հայաստան այցելութեան առթիւ։ Ան ընդգծեց, որ տակաւին Ֆրանսայի մէջ իր ծառայութեան շրջանէն սկսեալ ունեցած է բազում առիթներ ճանչնալու հայ ժողովուրդը եւ ծանօթանալու անոր պատմութեան ու մշակոյթին։

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր կրթադաստիարակչական առաքելութեան եւ հոգեւորականներու պատրաստութեան։

Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին փոխանցեց իր եղբայրական ջերմ ողջոյնները։ Ան մաղթեց, որ Աստուած միշտ զօրեղ պահէ Կաթոլիկ Եկեղեցին, անոր սպասաւորներն ու հաւատացեալները։

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, Արխիւի ու թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան։

Հիւրերու այցելութեան օրը Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ նաեւ Մոնս. Պրիւկեսի դասախօսութիւնը՝ «Հայկական գանձերը Վատիկանի Գաղտնի արխիւներուն եւ Առաքելական գրադարանին մէջ» նիւթին շուրջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017