ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինը կազմելու առաջադրութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս. Պէքճեանի հրաւէրով Պատկ. Կրօնական Ժողովի անդամներ, համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հաւաքուեցան 4 Յուլիս 2017, Երեքշաբթի, ժամը 17.00-ին։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը արտասանեց «Տէրունական աղօթք»ը, որմէ յետոյ հաւաքոյթին ատենապետութեան հրաւիրուեցաւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեան։ Ատենապետ Սրբազան Հօր հրաւէրով Տեղապահ Սրբազան Հայրը արտասանեց բացման խօսքը։
Պատրիարքական Աթոռէն ներկայացուեցան Արժ. Տ. Կորիւն Աւագ Քահանայ Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քահանայ Ուզունեան, Պետրոս Շիրինօղլու, Թորոս Աբիկ եւ Թադէոս Պէպէք։
Պատրիարքական Աթոռէն ներկայացուած վերոյիշեալ անդամներու առընթեր հաւաքոյթին մասնակիցներու առաջարկած անուններու ցանկին վրայէն կատարուեցաւ գաղտնի քուէարկութիւն, որուն արդիւնքով ճշդուեցան հետեւեալ անդամներու անունները.
Սարվէն Սէրթշիմշէք, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու, Վարուժան Պուլկան, Թամար Քարասու, Խաչիկ Ճանէլ, Սարգիս Չավուշեան, Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Նազարէթ Էօզսահակեան, Սեպուհ Ասլանկիլ, Անդրանիկ Քէօսէտաղ, Սեւան Չավուշեան, Սարգիս Քիւլէկէչ, Մկրտիչ Սէրթշիմշէք։ Պահեստիներ՝ Կարպիս Տուրասլան, Եդեսիա Թըրթըր, Արման Աթընըզ, Դաւիթ Տամլա։
Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինը Տեղապահ Սրբազան Հօր հրաւէրով պիտի գումարեն իրենց անդրանիկ նիստը ու պիտի կազմեն դիւանը։
Յետ դիւանի կազմութեան նորակազմ Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամացանկը պիտի ներկայացուի Իսթանպուլի Կուսակալութեան։
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ