ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՅՈՐԴՈՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր տեսակապով խօսեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմերու առաջնորդներուն հետ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը հեռավար զրոյց մը ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի եւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի հետ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ հեռավար հանդիպման ընթացքին մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ վերջերս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած ռազմական գործողութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը լուսաբանութիւններ տուաւ վերջին զարգացումներուն շուրջ՝ աղօթքով յիշելով յանուն հայրենիքի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար նահատակուած հայորդիները։ Հեռավար զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ սահմանի բախումներուն զուգահեռ զանազան երկիրներէ ներս Ատրպէյճանի հրահրումով տեղի ունեցած ազգամիջեան բախումները եւ համայնքներէ ներս տիրող իրավիճակը։ Վեհափառ Հայրապետը տեղեկացուց, որ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմերու առաջնորդներու հետ հաղորդակցութիւն պահելու առընթեր, մշտական կապի մէջ է Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի թեմակալ առաջնորդներու հետ։ Նորին Սրբութիւնը գնահատանք յայտնեց զանազան քաղաքներէ ներս թեմակալ առաջնորդներու եւ հոգեւորականներու ունեցած կարեւոր դերակատարութեան համար, որու շնորհիւ հնարաւոր դարձած է պաշտպանել հայ համայնքները եւ պատշաճ վարքագիծ դրսեւորել ազգամիջեան լարուածութեան յաղթահարման նպատակով։ Դատապարտելով Ատրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յորդորեց շարունակել միջոցներու ձեռնարկել, կանխելու համար հայ ժողովուրդի սադրանքներէ տարուիլը։

Հեռավար զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը սփիւռքի կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան զօրացման ու համախմբման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ կապերու սերտացման եւ ամրապնդման։ «Այս դժուարին օրերուն հայրենիքը պէտք ունի իր իւրաքանչիւր զաւկի զօրակցութեան», ընդգծեց ան։

Իրենց հերթին, Հիւսիսային Ամերիկայի թեմակալ առաջնորդները զօրակցութիւն յայտնեցին Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ հայրենաբնակ ժողովուրդին՝ հաստատելով, թէ սփիւռքը ապահով է միայն Հայաստանի հզօրութեամբ, անվտանգութեամբ եւ յառաջընթացով։ Անոնք եւս կարեւորեցին համազգային միասնականութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան առաջնորդները Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ թեմերու եւ ծուխերու ներկայ վիճակին, եկեղեցիներէ ներս պաշտամունքի կազմակերպման եւ համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը այս առընչութեամբ կարեւորեց ներկայ ծանր շրջանին առաջնորդներու եւ հովիւներու մատուցած ծառայութիւնը՝ իրենց հոգեւոր խնամքին տակ գտնուող ազգի զաւակներուն համար։ Ան թեմերէ ներս ծառայող հոգեւորականաց դասուն փոխանցեց իր հայրապետական օրհնութիւնն ու գնահատանքը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը զօրավիգ է իւրաքանչիւր հայորդիի եւ պիտի շարունակէ զօրակցութիւնը թեմակալ առաջնորդներուն՝ իրենց հոգեւոր եւ ազգապահպան աստուածահաճոյ առաքելութեան ճանապարհին։ Նորին Սրբութիւնը առաջնորդներուն ներկայացուց նաեւ Հայաստանէ ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած ընկերային, կրթական եւ առողջապահական ծրագրերը՝ բարձրօրէն գնահատելով անոնց իրագործման համար ընծայաբերումներ կատարած թեմերու եւ անհատ բարերարներու յանձնառութիւնները։

Հանդիպման տեւողութեան մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Հայաստանէ ներս նախատեսուած կրթական բարեփոխումներու գործընթացին վերաբերեալ։ Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի հանրակրթական դպրոցներու դասաւանդութեան ծրագրերէն դուրս թողուլ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան։

Քննարկուեցան թեմական կեանքի վերաբերեալ զանազան հարցեր, Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներ եւ անոնց յաղթահարման ուղիները։

Զրոյցը ամփոփուեցաւ Նորին Սրբութեան աղօթքով ու մաղթանքով, որպէսզի երկնաւոր Տէրը խաղաղ ու անվտանգ պահէ հայոց աշխարհը եւ օրհնէ հայ ազգը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս՝ զօրավիգ ըլլալով ազգային իղձերու եւ նպատակներու իրագործման ճանապարհին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020