ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Յունաստանէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Խումբին ուղեկցեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունաստանի թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ ուխտագնացութեան հոգեւոր լիցքով ու վերանորոգուած սրտով անոնք պիտի վերադառնան իրենց առօրեան՝ առաւել նախանձախնդրութեամբ լծուելու հայրենաշինութեան գործին։
Արցախի հայրենազրկուած հայութեան ընկերային ծանր կացութեան, հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, Արցախի հայկական հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն ալ անդրադարձաւ Նորին Սրբութիւնը, որ այդ բոլորի յաղթահարման առումով կարեւորեց ազգային ներուժի համախմբումն ու համահայկական միասնական ջանքերու գործադրումը։
Միեւնոյն ժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ուխտաւորներուն մասին, որոնք իրենց համայնքներէն ներս կը պահպանեն ազգային ինքնութիւնը, հաւատն ու նախնեաց աւանդ սրբազան ժառանգութիւնը եւ արժէքները։
Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետը այս շրջանին իրերայաջորդ կը հիւրընկալէ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ուխտաւորաց խումբեր։ Նկատի ունենալով, որ հոկտեմբերի 1-ին նախատեսուած Միւռոնօրհնութիւնը վերջին պահուն յետաձգուած էր, բազմաթիւ ուխտաւորներ արդէն չեն ջնջած իրենց Հայաստան այցելութեան ծրագիրը եւ այս օրերուն ալ կ՚արժանանան Հայոց Հայրապետի օրհնութեան։
Եկեղեցական
- 01/16/2025
- 01/16/2025