ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԷՆ ՅՍՏԱԿ ԿԵՑՈՒԱԾՔ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՌԿԱՅ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Գահիրէի մէջ նախագահեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ս. Մարկոս մայրավանքին մէջ։
Ժողովի բացման ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ յայտնեց, թէ իբրեւ քրիստոնեայ համայնքներ ու իբրեւ եկեղեցի իրենք անմիջական մէկ մասնիկն են Միջին Արեւելքին, ազդուած են ու տակաւին կ՚ազդուին տարածքաշրջանէն ներս առկայ աղիտալի կացութենէն։ «Բոլոր եկեղեցիները հսկայ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին եւ այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար հրամայական է եկեղեցիներուն միութիւնը։ Միջեկեղեցական շարժումը պէտք է իր յստակ կեցուածքն ու պատասխանը ունենայ Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութեան հանդէպ։ Միասնականութիւնը պէտք է նկատել աղբիւրը մեր զօրութեան։ Այս գիտակցութեամբ բոլորս որպէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդ հաւաքուած ենք միասնաբար խորհելու եւ միասնաբար գործելու ընդդէմ մեր եկեղեցիները վտանգող ժամանակակից կացութիւններու եւ մարտահրաւէրներու», յայտնեց Նորին Սրբութիւնը Գահիրէի ժողովին ընթացքին։