ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԱՃԱՐՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օծման եւ գահակալութեան 19-րդ տարեդարձը շաբաթավերջին նշուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ։ Այս առթիւ աշխարհասփիւռ հայոց եկեղեցիներէն ներս կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Հայ ժողովուրդը աշխարհի բոլոր կողմերուն աղօթք բարձրացուց առ Աստուած իր Հայրապետի արեւշատութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան համար։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկ մեծահանդէս արարողութիւններ տեղի ունեցան Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 19-րդ տարեդարձին առթիւ։ Օրուան պատարագիչն էր Ուքրայնայի թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան։ Այս վերջինը Ս. Պատարագի ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը, որու ժամանակ շեշտեց, որ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 19 տարիներու ընթացքին Հայ Եկեղեցին իսկապէս ապրած է հոգեւոր վերածնունդի ու զարթօնքի, բարգաւաճման եւ բարեփոխումներու շրջան մը՝ շնորհիւ Նորին Սրբութեան կողմէ ներդրուած ջանքերու եւ հետեւողական ու նուիրեալ աշխատանքի։ Անցեալ 19 տարիները Հայ Եկեղեցւոյ տեսակէտէ եղած են զօրացման, բարեկարգման, եկեղեցաշինութեան տարիներ՝ առաւել ճանաչելի դարձնելով Հայ Եկեղեցին միջազգային եւ համաշխարհային հասարակութիւններուն եւ կրօնական ու աշխարհիկ կառոյցներուն։ «Անցնող 19 տարիները եղան ոչ միայն տեսանելի, քարակերտ եկեղեցաշինութեան տարիներ, ինչ որ շատ յաճախ կը շեշտուի եւ երբեմն ալ կը շահարկուի, այլեւ անտեսանելի՝ մարդկային հոգիին եւ մտքին մէջ հոգեւոր տաճարներու շինութեան տարիներ, անձնուէր ծառայութեան եւ նուիրումի տարիներ՝ որպէս օրինակ եւ ներշնչումի աղբիւր հանդիսանալով Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասու եւ մեր հաւատաւոր զաւակներու համար՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով ինչպէս կ՚ըսէ Պետրոս առաքեալ», ըսաւ պատարագիչ հայր սուրբը քարոզին մէջ։
Քարոզիչ սրբազան հայրը ներկայացուց նաեւ Վեհափառ Հայրապետի 19 տարիներու հովուապետութեան ընթացքին զանազան բնագաւառներէ ներս իրականացուած հսկայածաւալ աշխատանքը։ «Վեհափառ Տէր, իբրեւ Հայոց Հայրապետ, դուք ձեր իմաստութեամբ, աշխատասիրութեամբ ու խոնարհութեամբ բոլորիս ցոյց կու տաք, թէ ինչպէս պէտք է յաղթահարուին բոլոր մարտահրաւէրները՝ Հայոց Եկեղեցին առաջնորդելով առաւել զօրացման։ Իբրեւ քաջ հովիւ եւ առաջնորդ ունենալով Ձերդ Սրբութիւնը՝ Հայոց Եկեղեցին եւ հայ հոգեւորականութիւնը այսօր կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, որ եղած է եւ կայ Տիրոջ փրկչարար խօսքի քարոզութիւնն ու լոյսի տարածումը, ազգային եւ քրիստոնէական արժէքներու պահպանումն ու տարածումը», ըսաւ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան ու մատնանշեց, որ հակառակ բազում խոչընդոտներու կամ դժուարութիւններու Աստուծոյ կամքով եկեղեցին կը զօրանայ ու կը շէնանայ նոր եւ կրթեալ սպասաւորներով, նորոգուող եւ կառուցուող սրբավայրերով, նոր սերունդի մէջ ազգային արժէքներու սերմանումով, հաւատքի աճով ու նուիրումով։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը միասնաբար աղօթք բարձրացուցին առ Աստ-ւած Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան, արդիւնաւոր ու անսասան բազմամեայ գահակալութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
ՀՅԴ-Ի ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) բարձրաստիճան պատասխանատուները։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան ներկայացան ՀՅԴ-ի պիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան եւ իր գործակիցները։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, ազգային-եկեղեցական կեանքը յուզող խնդիրներու, ազգային ինքնութեան եւ արժէքային համակարգի պահպանման ուղղեալ քայլերուն։ Խօսուեցաւ նաեւ ժողովուրդի կեանքէն ներս եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել աշխուժացման ուղղեալ ծրագրերու եւ ձեռնարկներու մասին։
Մասնաւորապէս անդրադառնալով վերջին շրջանին Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ կատարուած յարձակումներուն՝ Հրանդ Մարգարեան վերահաստատեց կուսակցութեան դիրքորոշումը՝ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին։ Ան ընդգծեց, որ կուսակցութիւնը՝ գիտակից Հայ Եկեղեցւոյ ազգապահպան եւ հոգեւոր առաքելութեան կարեւորութեան, պիտի շարունակէ զօրավիգ եւ նեցուկ ըլլալ անոր։
Փոխանցելով իր հայրական օրհնութիւը՝ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ կուսակցութեան կեցուածքին՝ գնահատելով դրսեւորուած ոգին եւ գիտակցութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը արձանագրեց, որ ժողովուրդի զօրակցութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը Հայոց Մայր Եկեղեցւոյ եւ իրենց սրբազան հաւատքի հանդէպ արտայայտութիւնն են այն իրողութեան, թէ Հայոց Եկեղեցին մեր ազգի ինքնութեան եւ գոյութեան հիմնական երաշխաւորներէն մին է։ Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, եկեղեցին եւ հոգեւոր դասը անշեղօրէն պիտի շարունակեն իրենց փրկչական եւ ազգապահպան առաքելութիւնը՝ ի նպաստ հայոց կեանքի պայծառութեան եւ բարօրութեան։
Նորին Սրբութիւնն ալ խօսեցաւ նաեւ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Ան նշեց, որ ազգի հոգեւոր զօրութեամբ եւ միասնականութեամբ դարերու ընթացքին յաղթահարուած են բոլոր դժուարութիւնները եւ արձանագրուած՝ յաղթանակները։ Իր խօսքով՝ այսօր եւս դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու դիմակայման ճանապարհին հայ ազգը պէտք է հետեւողը դառնայ նախնեաց որդեգրած այս կեցուածքի եւ փորձառութեան։