ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՑ ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒՐԱՐ ԿՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՇՆՈՐՀԵՑ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Կիրակնօրեայ պաշտամունքը բնորոշուեցաւ այն հանգամանքով, որ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց վեց դպիրներու։

Օրուան պատարագիչն էր Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արէտ Սրկ. Փեհլիվան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Թարգմանչաց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ռոպէր Տողանայի։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ատենապետ Սարգիս Չեթինքայայի կողմէ գլխաւորուած Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ հաւատացեալները։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2023