ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ԱՆԴՐԷԱՍ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւնները, որոնց մասնակցեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամները։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։

Ս. Պատարագի ընթացքին, հոգելոյս տէր հօր դագաղը ատեանէն խորան բարձրացուեցաւ հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ։ Վերջին օծումը կատարուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Բոլորը տամուկ աչքերով հետեւեցան երախտաշատ ծառայութիւններ մատուցած Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի վերջին հրաժեշտին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ դամբանականին մէջ դրուատեց անոր ծառայասիրութիւնն ու մարդկային առաքինութիւնները։ Նորին սրբազնութիւնը մասնաւորապէս շեշտեց, որ լուսահոգի տէր հայրը օրինակելի ըլլալու չափ համեստ էր ու խոնարհ։

Այս բոլորէն վերջ, Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի մարմինը փոխադրուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր տեղի ունեցաւ թաղման կարգը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2024