ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԱԾ ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց՝ շաբաթավերջին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ քահանայ ձեռնադրուած 11 նորաօծ հոգեւորականները։ Վեհարանի գահասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Իրաքի թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան, որ կատարած էր ձեռնադրութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին նախ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան Նորին Սրբութեան նկատմամբ երախտագիտութիւնը արտայայտեց իր ձեռնասուններուն ներկայութեամբ։ Նորաօծ եկեղեցականներուն անունով ալ երախտագիտութեան խօսք մը արտասանեց Տ. Կոմիտաս Քահանայ Ղեւոնդեան։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց բոլորը՝ քահանայական կոչման արժանացած ըլլալու առթիւ։ Ան նորապսակներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնները եւ յորդորեց առաքելութեան լծուիլ՝ հոգեւոր կոչման բարձր գիտակցութեամբ ու սիրով։ Ան յիշեցուց, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կ՚ապրին դժուարին ժամանակներու մէջ եւ պատգամեց, որպէսզի նորաօծները արդիւնաւորեն իրենց հոգեւոր սպասաւորութիւնը հոգեխնամ ու կրթադաստիարակչական գործունէութեամբ, Աւետարանի եւ սուրբ հայրերու պատգամներու հիման վրայ հայորդիներու մէջ հաստատել ու զօրացնել սէրը Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին նկատմամբ։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց քահանայ հայրերը եւ անոնց ընծայեց «Մաշտոց» ծիսարաններ։