ԱՌԱՔԵԼԱՊԱՏԻՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ սրբատառ կոնդակ մը հրապարակեց՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին կապակցութեամբ։ Այս տարի թէ՛ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ թէ համաքրիստոնէական ընտանիքը կ՚ոգեկոչեն առաքելապատիւ հայրապետը՝ վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ։ Այս թուականը ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցուցակին վրայ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նախատեսէ բազմակողմանիօրէն արժեւորել Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցը եւ վերագնահատել անոր ժառանգութեան պատգամը։

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ս. Գայիանէի վանքին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Ս. Պատարագի ընթացքին ընթերցուեցաւ Հայրապետական սրբատառ կոնդակը, որ նուիրուած էր Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին։ Օրուան քարոզը խօսեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Սրբազան արարողութեան ընթացքին, «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եկեղեցական հայեցակարգային բաժնի տնօրէն Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան խորան բարձրացուց Հայրապետական սրբատառ կոնդակը, զոր ընթերցեց Վանօրէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը տեղեկացուցած էր, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անցեալ շաբթուան ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին ժամանակ եւս անդրադարձ կատարուած էր Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին նուիրուած տօնակատարութիւններու շրջանակներէն ներս նախատեսուած հոգեւոր, կրթական, մշակութային ձեռնարկներու ծրագրին։ Հաղորդուած էր նաեւ, որ ի նշանաւորումն երանաշնորհ հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին, այս տարեվերջին, դեկտեմբերին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցին Վատիկանի մէջ պիտի կազմակերպեն համատեղ ձեռնարկներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2023