ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Սուրբ Է­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ հայ­րա­պե­տա­կան իր պատ­գա­մը տուաւ հա­մայն հա­յու­թեան։

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը։

*

Յա­նուն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ հոգ­ւոյն Սրբոյ. ա­մէն։

«Այ­սօր հրեշ­տակք յերկ­նից ի­ջեալ տան զա­ւե­տիս մարդ­կան. յա­րեաւ խա­չեալն եւ յա­րոյց զձեզ ընդ ինք­նեան»
(Շա­րա­կան)։

Սի­րե­լի հա­ւա­տա­ւոր զա­ւակ­ներ մեր ի Հայ­րե­նիս եւ ի Սփիւռս,

Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Յա­րու­թեան ու­րա­խու­թիւ­նը վերս­տին կը թե­ւա­ծէ մեր հո­գի­նե­րուն մէջ։ Կը բերկ­րենք նման իւ­ղա­բեր կա­նանց, ո­րոնք թա­փուր տե­սան Փրկչի գե­րեզ­մա­նը եւ հրեշ­տակ­նե­րէն լսե­ցին Ա­նոր Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը։ Կը ցնծանք նման վեր­նա­տան մէջ հա­ւա­քուած ա­ռա­քեալ­նե­րու եւ Էմ­մա­վու­սի ճամ­բորդ­նե­րու, ո­րոնց յա­րու­ցեալ Տէ­րը ե­րե­ւաց եւ փա­րա­տեց ա­նոնց տա­րա­կոյս­ներն ու տրտմու­թիւ­նը։ Յա­րու­թեան լոյ­սի շո­ղե­րով այ­լեւս լու­սա­ւո­րուած է խա­ւա­րեալ եր­կին­քը, թօ­թա­փուած են խա­չե­լու­թեան վիշտն ու տխրու­թիւ­նը։ Բա­ցուած է դրախ­տը եւ խոր­տա­կուած է դժոխ­քը, պար­տուած է մա­հը եւ յաղ­թա­նա­կած՝ կեան­քը։

Քրիս­տոս՝ Փրկիչ մեր Տէ­րը, խա­չի վրայ Իր զո­հա­գոր­ծու­թեամբ եւ Հրա­շա­փառ Յա­րու­թեամբ մարդ­կու­թեան հա­մար դար­ձաւ փրկու­թեան պա­տա­րագ, որ կը բաշ­խուի ա­մէ­նուր՝ հա­ւատ­քով ըն­դու­նող­նե­րուն։ Տէ­րու­նա­կան ան­գին փրկա­գոր­ծու­թիւ­նը Երկ­նէն ար­քա­յու­թիւ­նը ժա­ռան­գե­լու շնոր­հին կ՚ար­ժա­նաց­նէ հա­ւա­տա­ցեալ հո­գի­նե­րը, ինչ­պէս եւ շա­րա­կա­նա­գի­րը կ՚ը­սէ. «Յա­րեաւ խա­չեալն եւ յա­րոյց զձեզ ընդ ինք­նեան»։

Մեր ժո­ղո­վուր­դի ըն­թաց­քը պատ­մու­թեան հո­լո­վոյթ­նե­րուն մէջ յա­ճախ ե­ղաւ նմա­նու­թիւն Քրիս­տո­սին։ Յա­ճախ չար­չա­րա­նաց Գող­գո­թա բարձ­րա­ցանք, խա­չա­կից ե­ղանք Տի­րոջ եւ Իր Յա­րու­թեան հա­ւատ­քով յա­րու­թիւն ա­ռինք։ Տի­րոջ շնոր­հով մեր ժո­ղո­վուր­դը յաղ­թա­հա­րեց իր դէմ մո­լեգ­նած դա­ւերն ու ա­ւեր­նե­րը, հա­լա­ծանք­ներն ու կո­տո­րած­նե­րը եւ վառ պա­հեց յոյ­սը իր վե­րած­նուն­դի, իր ա­պա­հով ու լու­սա­ւոր կեան­քին։

Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թեան լու­սա­պայ­ծառ տօ­նի այս հիաս­քանչ օ­րը մենք կ՚ա­ղօ­թենք նաեւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեր նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար։ Դար մը ա­ռաջ էր, երբ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը հայ եւ քրիս­տո­նեայ ըլ­լա­լու հա­մար ան­լուր տա­ռա­պանք­նե­րով ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կուե­ցան։ Ա­նոնք նա­հա­տա­կու­թեան պսա­կը ըն­դու­նե­ցին ա­ռա­քեա­լի խօս­քի ճշմար­տու­թիւ­նը ու­նե­նա­լով ի­րենց սրտին մէջ. «Ե­թէ մեր այս հո­ղե­ղէն տու­նը, որ մեր մար­մինն է, ա­ւե­րուի, Աս­տուծ­մէ շի­նուած ան­ձե­ռա­կերտ յա­ւի­տե­նա­կան տուն ու­նինք եր­կին­քին» (Բ Կորնթ. Ե 1)։ Աշ­խար­հին, ողջ մարդ­կու­թեան մեր ժո­ղո­վուր­դը իր նա­հա­տա­կու­թեամբ եւ յա­րու­ցեալ կեան­քով վկա­յեց յա­րու­թեան հրաշ­քի ճշմար­տու­թիւ­նը։ Ե­ղանք խա­չեալ, ե­ղանք վշտա­հա­լած, բայց ոչ յու­սա­հատ, վի­րա­ւոր, բայց ոչ տկար, աշ­խար­հաս­փիւռ, բայց ոչ ան­հայ­րե­նիք։ Կորս­տեալ հայ­րե­նի­քի սէ­րը սրտին մէջ՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի ա­րե­ւե­լեան հա­տուա­ծին մէջ վե­րա­կեր­տած պե­տա­կա­նու­թեան ներ­քեւ եւ Սփիւռ­քի հա­մայնք­նե­րուն մէջ նոր կեանք վե­րըն­ձիւ­ղեց՝ հա­ւաս­տե­լով, որ իր կե­նաց ծա­ռը՝ հա­ւատ­քի ան­սա­սան վէ­մին ար­մա­տա­ցեալ, կեն­սա­տու զօ­րու­թեամբ կը պտղա­բե­րէ եւ կը ծնի զա­ւակ­ներ, ո­րոնք կը շէ­նաց­նեն ազգն ու հայ­րե­նի­քը։ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մընդ­հա­նուր ճա­նաչ­ման ու դա­տա­պարտ­ման հա­մար դար մը պայ­քա­րե­ցանք եւ կը շա­րու­նա­կենք պայ­քա­րիլ՝ ար­դա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կի հա­ւա­տով։ Աշ­խարհ եր­բեմն լսեց մեզ, եր­բեմն ան­տե­սեց, ո­րով­հե­տեւ միշտ չէ որ ունկն­դիր է եւ հա­ւա­տա­րիմ Քրիս­տո­սի բե­րած խա­ղա­ղու­թեան եւ մարդ­կանց մէջ հա­ճու­թեան պատ­գա­մին, ի հե­տե­ւանս ո­րու՝ մարդ­կու­թեան նո­րա­գոյն պատ­մու­թիւ­նը կրկին մթագ­նե­ցաւ։ Նոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ պա­տե­րազմ­նե­րու խա­ւա­րով։ Այ­սօր ալ մարդ­կա­յին կեան­քը կ՚ա­լե­կո­ծի հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րով ու ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն­նե­րով։ Մարդ­կու­թեան օր­րան Եր­կիր մո­լո­րա­կի վրայ տեն­չա­լի խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ հա­մընդ­հա­նուր հա­ճու­թիւնն ու հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը տա­կա­ւին կը մնան որ­պէս չի­րա­կա­նա­ցուած ե­րա­զանք։ «Աս­տուած մահ չէ ստեղ­ծած եւ Ան չ՚ու­րա­խա­նար ող­ջե­րու կո­րուս­տին հա­մար», կ՚ու­սու­ցա­նէ աս­տուա­ծաշն­չեան ի­մաս­տու­թիւ­նը (Ի­մաստ. Ա 13)։ Ա­ւե­լին՝ խա­չեալ եւ յա­րու­ցեալ Իր Միա­ծին Որդ­ւոյ մի­ջո­ցաւ Աս­տուած պար­գե­ւած է շնոր­հը մա­հուը­նէ հե­ռա­նա­լու, ինչ որ կը պար­տա­ւո­րեց­նէ ազ­գե­րը եւ պե­տու­թիւն­նե­րը միաս­նա­կան ու միա­հա­մուռ կամք դրսե­ւո­րել՝ կան­խե­լու հա­մար մարդ­կու­թեան խա­ղա­ղու­թիւնն ու բա­րօ­րու­թիւ­նը վտան­գող սպառ­նա­լիք­նե­րը, ա­ռա­ւել նա­խան­ձախն­դիր ըլ­լա­լու ար­դա­րու­թեան ու ճշմար­տու­թեան հաս­տատ­ման, ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հա­մընդ­հա­նուր դա­տա­պարտ­ման գոր­ծին մէջ, այ­լա­պէս աշ­խար­հի չա­րա­ղէտ ըն­թացք­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն ա­ռաջ­նոր­դել դէ­պի նոր ող­բեր­գու­թիւն­ներ։ Մարդ­կու­թիւ­նը պարտք ու­նի սրբե­լու աշ­խար­հի մէջ ծո­վա­ցող ար­ցուն­քը, լու­սա­ւոր ման­կու­թիւն ե­րա­զող որբ ու կա­րօ­տեալ ե­րա­խա­նե­րու ա­նօգ­նա­կալ հա­յեացք­նե­րու, լաց ու ճի­չի առ­ջեւ լռեց­նե­լու ո­րոտ­նե­րը մա­հա­բեր զէն­քե­րու, ար­մա­տա­խիլ ը­նե­լու աղ­քա­տու­թեան չա­րի­քը։ Խա­չե­լու­թիւ­նը աշ­խար­հի մէջ պէտք է յաղ­թա­հա­րուի եւ փո­խա­րի­նուի յա­րու­թեամբ։

Սի­րե­լի բա­րե­պաշտ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, այ­սօր, երբ ունկն­դիր ենք «Յա­րեաւ խա­չեալն եւ յա­րոյց զձեզ ընդ ին­քնեան» ա­ւե­տի­սին, քա­ջա­լե­րուինք հո­գիով, ապ­րինք որ­պէս Քրիս­տո­սի հետ մա­հէ վեր յառ­նած ժո­ղո­վուրդ, Քրիս­տո­սին հա­ւա­տա­րիմ եւ յա­րու­թեան զօ­րու­թիւ­նը ու­նե­ցող ժո­ղո­վուրդ։ Դի­մագ­րա­ւենք մեր կեան­քի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը եւ նե­ղու­թիւն­նե­րու ու դժուա­րու­թիւն­նե­րու չար­չա­րա­նաց մեր խա­չը ծաղ­կեալ դարձ­նենք բո­լո­րա­նուէր մեր ջան­քե­րով, հայ­րե­նա­նուի­րու­մի ու ազ­գա­նուի­րու­մի նոր գոր­ծե­րով։ Ազ­գա­յին, պե­տա­կան, հա­սա­րա­կա­կան մեր կեան­քը, հո­գե­ւոր-ե­կե­ղե­ցա­կան մեր ան­դաս­տա­նը շէ­նաց­նենք «զի Աս­տուած ընդ մեզ է» ա­ներկ­բայ հա­ւա­տով եւ քա­լենք դէ­պի վե­րել­քի նոր հո­րի­զոն­ներ եւ դէ­պի յաղ­թա­նա­կը մեր ար­դար դա­տին։

Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թեան տօ­նի խնդու­թիւ­նը Մեր հոգ­ւոյ մէջ՝ Մեր բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը կը յղենք Ա­ռա­քե­լա­կան մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ Նուի­րա­պե­տա­կան Ա­թոռ­նե­րու գա­հա­կալ­նե­րուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սին, Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Ա­մեն. Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նին, Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Ա­մեն. Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նին, քոյր Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու շնոր­հա­զարդ հո­գե­ւոր Պե­տե­րուն։

Մեր Տի­րոջ հրա­շա­փառ Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սով կ՚ող­ջու­նենք Սուրբ Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Տիար Սերժ Սարգ­սեանն ու Ա­ռա­ջին Տի­կի­նը։ Ող­ջոյն կը յղենք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Տիար Բա­կօ Սա­հա­կեա­նին, հա­յոց պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին՝ մաղ­թե­լով ար­գա­սա­լի ծա­ռա­յու­թիւն եւ նոր ձեռք­բե­րում­ներ՝ յա­նուն մեր երկ­րի հզօ­րու­թեան եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան ու ա­ռա­ջըն­թա­ցի։ Մեր բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը եւ օրհ­նու­թիւ­նը կը բե­րենք այս­տեղ ներ­կայ Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան Նա­խա­գահ Տիար Պերճ Սեդ­րա­կեա­նին եւ միու­թեան ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք հայ­րե­նի­քի մէջ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն միու­թեան տա­րե­կան հա­մա­գու­մա­րը։ Սուրբ Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սով Մեր օրհ­նու­թիւ­նը կը բե­րենք Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն ու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն՝ մաղ­թե­լով գոր­ծոց յա­ջո­ղու­թիւն­ներ՝ ի խնդիր մեր եր­կիր­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ գոր­ծակ­ցու­թեան զօ­րաց­ման։

Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան տօ­նին առ­թիով կը շնոր­հա­ւո­րենք հա­ւա­տա­ւոր Մեր զա­ւակ­նե­րը ի Սփիւռս աշ­խար­հի եւ մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ ուխ­տեալ սպա­սա­ւոր­նե­րը՝ բե­րե­լով Հայ­րա­պե­տա­կան Մեր սէրն ու օրհ­նու­թիւ­նը եւ հայ­ցե­լով զօ­րակ­ցու­թիւնն ու ա­մե­նա­ռատ շնորհ­նե­րը յա­րու­ցեալ մեր Փրկչի։

Կ՚ա­ղօ­թենք, որ Ա­մե­նա­կալն Աս­տուած Իր ան­սահ­ման ո­ղոր­մու­թեան ներ­քեւ պահ­պա­նէ հա­մայն աշ­խար­հը, զօ­րաց­նէ մարդ­կանց սրտե­րուն մէջ խա­ղա­ղու­թեան, ար­դա­րու­թեան ու ճշմար­տու­թեան հո­գին եւ օրհ­նէ ա­պա­հով ու եր­ջա­նիկ կեանք կա­ռու­ցե­լու մարդ­կա­յին ջան­քե­րը։ Մեր հայ­ցը եր­կինք կը բարձ­րաց­նենք, որ­պէս­զի Տէ­րը խա­ղաղ պա­հէ մեր հայ­րե­նի­քը, հա­ւատ­քով պայ­ծառ եւ ո­գիով ա­րի՝ աշ­խար­հաս­փիւռ մեր ժո­ղո­վուր­դը եւ Իր կե­նա­րար շնորհ­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դէ ըն­թա­նա­լու դէ­պի կեան­քի լու­սա­ւոր հո­րի­զոն­ներ։

Թող յա­րու­ցեալ Տի­րոջ սէ­րը եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը ըլ­լան մե­զի հետ՝ այ­սօր եւ միշտ եւ յա­ւի­տեանս. ա­մէն։

Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց

Օր­հնեալ է յա­րու­թիւնն Քրիս­տո­սի։

 

 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015