ԱՆԳԼԻԱՑԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անգլիոյ խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցած էր Երեւանի մէջ՝ հիւրընկալուելով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այսպէս, Անգլիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամները ընդունուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Թիմ Փոլ Լաութընի, որ Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս կը գլխաւորէ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը։ Մայր Աթոռի հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան։

Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց անգլիացի խորհրդարանականներու խումբը։ Նորին Սրբութիւնը զրոյցի տեւողութեան մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի ժողովուրդի խաղաղ ապրելու իրաւունքին դէմ կատարուած նոր ոտնձգութիւններուն եւ շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն բերումով։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց գերեվարուածներու վերադարձի ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան հետեւողական ջանքերը, միեւնոյն ժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրեց հայկական պատմական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն վրայ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2022