ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ

Պահեցողութեան շրջանը սկսելով, յիշէ՛ սիրելի ընթերցող, թէ Յիսուս ի՞նչ ուզեց քեզմէ, երբ ըսաւ. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտում երես մի՛ ըլլաք… երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.16-18)։ Պահեցողութեան ընթացքին յաճախ աղօթելը լաւ բան է եւ միաժամանակ դժուար։ Սակայն, պահեցողութիւնը մրցում չէ հպարտանալու համար ընկերներուդ դիմաց՝ ցոյց տալու կարողութիւնդ սնունդի բազմաթիւ տեսակներէ հեռու մնալու։

Պահեցողութիւնը մրցում չէ, որպէսզի սպասես տեսնելու համար, թէ ո՞վ պիտի հասնի մինչեւ վերջ առանց ետ դարձի։

Պահեցողութիւնը պատճառաբանութիւն պէտք չէ ըլլայ գործէդ թերանալու, եւ ըսելու գործատիրոջդ, թէ պահք կը պահես եւ աշխատանքին արդիւնքը նուազ է։

Պահեցողութիւնը պատճառ չէ, որ շրջապատիդ հետ բարկացկոտութեամբ վարուիս, որովհետեւ կրնայ ըլլալ թէ ստամոքսդ կը ցաւի։

Ընդհակառակը, պահեցողութիւնը մեզի առիթ կ՚ընծայէ աղօթքի, կը սորվեցնէ մեզի զսպել մենք մեզ, կը յիշեցնէ մեզի, որ նուազ սնունդով ալ կրնանք ապրիլ եւ կ՚օգնէ մեզի Աստուծոյ պարգեւները արժեւորելու։

Հետեւաբար, եթէ պահք պահես, մարդոցմէ գովաբանութիւն մի՛ սպասեր, այլ՝ պահեցողութիւնդ ձգէ՛ որ կապ մը ըլլայ երկնաւոր Հօրդ ու քու միջեւ։ Մի՛ մոռնար պահեցողութեանդ ընկերակից դարձնել աղօթքը. «Ուստի ծոմ բռնեցինք ու այս բանին համար մեր Աստուծմէն օգնութիւն խնդրեցինք ու անիկա մեր խնդրանքը կատարեց» (Եզր 8.23)։

Ընդունելի եւ օրհնեալ պահեցողութիւն մեր սիրելի ընթերցողներուն:

Անյայտ հեղինակ

Երեսունութերորդ օրուան մարտահրաւէր. պահեցողութեան ընթացքին մեր աղօթական կեանքը ա՛լ աւելի խորացնենք ու զօրացնենք, աղօթքի միջոցով մնայուն կապ մը ունենալու համար Աստուծոյ հետ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2022