ՇՈՒԷՏԻ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Շուէտի եկեղեցւոյ Վեսթերիսի Եպիսկոպոս Միքայէլ Մոկրէնը։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն, որոնք ներկայիս հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած են։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Շուէտի եկեղեցւոյ եւ իշխանութիւններուն կողմէ Հայաստանին եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։
Իր կարգին, Միքայէլ Եպիսկոպոս Մոկրէնն ալ դիտել տուաւ, որ Հայաստան կ՚այցելէր ծանօթանալու համար՝ Արցախի հայրենազրկուած հայերու ընկերային կացութեան եւ իր նպաստը բերելու առկայ խնդիրներու յաղթահարման ճանապարհին։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։