ՀԻՒՐԵՐՈՒ ՄԵԾ ՀՈՍՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին ապրուեցան ոգեւոր օրեր։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց հայ կամ օտար զանազան խումբեր։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի դահլիճին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց միաւորման (ՀԵԵՄ) երրորդ պատգամաւորական ժողովի մասնակիցներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ ուրախութիւն յայտնեց, թէ երիտասարդները վերստին համախմբուած են Մայր Հայաստանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ պատասխանեց երիտասարդներու հարցումներուն։ Հաւաքոյթի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ ՀԵԵՄ-ը։
Իսկ երէկ, Մայր Տաճարի մէջ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ պատարագեց Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Սա ՀԵԵՄ-ի պատգամաւորներու ուխտի Ս. Պատարագն էր եւ աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմածնի բարերարներէն բարեյիշատակ Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններուն համար, որոնց մարմինները ամփոփուած են Վեհարանի հարեւանութեամբ։ Բաց աստի, Նորին Սրբութիւնը շաբաթավերջին Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն՝ Նիւ Ճըրզիէն «Շուշի» պարախումբի անդամները, որոնց կ՚ուղեկցէր ամերիկահայ բարերար Հրաչ Թուֆայեան։ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի խնդրանքին ընդառաջ՝ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանաշանով պարգեւատրեց պարուսոյց Սեդա Քանթարճեանը։
Նոյնպէս Արեւելեան Թեմէն՝ Պոսթոնէն ու մերձակայքէն Հայաստան մեկնած քառասունվեց ուխտաւորներէն բաղկացեալ խումբ մըն ալ Մայր Աթոռի դիւանատան մէջ հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։
Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին հիւրընկալեց նաեւ Մատրիտի «Սան Տամասօ» աստուածաբանական ճեմարանի ներկայացուցիչները։
Եկեղեցական
- 11/27/2024