Տ. ՊՍԱԿ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ԹԷԶԷՆԼԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ ՄԵԾ ՅՈՒԶՈՒՄ ՍՏԵՂԾԵՑ

Ե­կե­ղե­ցա­սէր շրջա­նակ­նե­րը ե­րէկ խոր յու­զում ապ­րե­ցան՝ վե­րա­հա­սու դառ­նա­լով մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց սպա­սա­ւոր­նե­րէն Տ. Պսակ Աւագ Քահանայ Թէ­զէն­լեա­նի վախ­ճան­ման։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ստե­փան, ան ծնած էր 1944-ին, Գում­գա­բուի մէջ։ Ա­մուս­նա­ցած էր Վար­դու­հի Ան­գա­րաօղ­լուի հետ ու բախ­տա­ւո­րուած՝ ե­րեք դուստ­րե­րով։ Դպրու­թեան չորս աս­տի­ճան­ներ եւ ու­րար կրե­լու ար­տօ­նու­թիւն ստա­ցած էր 1969-ին, ձե­ռամբ հո­գե­լոյս Տ. Շա­հան Արք. Սվա­ճեա­նի, Պիւ­յիւք­տէ­րէի Ս. Հռիփ­սի­մեանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Նոյն­պէս իր ձե­ռամբ սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րուած էր 1976-ին՝ Ղա­լա­թիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ 1976-ին, Տ. Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեա­նի ձե­ռամբ քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած էր դար­ձեալ Պիւ­յիւք­տէ­րէի մէջ։ Որ­պէս հո­գե­ւոր հո­վիւ ծա­ռա­յած էր Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս, Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ, Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ եւ Նար­լը­գա­բուի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ։ Երա­նաշնորհ Տ. Գա­րե­գին Պատ­րիարք Գա­զան­ճեան ի­րեն շնոր­հած էր ա­ւա­գու­թիւն եւ ծաղ­կեայ փի­լոն։

1995-ին, ե­րա­նաշ­նորհ Տ.Տ. Գա­րե­գին Ա. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի ընտ­րու­թեան ժա­մա­նակ գու­մարուած Ազ­գա­յին ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ե­ղած էր Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու շար­քին։ 1999 թուա­կա­նին ալ այժ­մու Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին՝ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի ընտ­րու­թեան շրջա­նին գու­մա­րուած Ազ­գա­յին ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վին նոյն­պէս մաս­նակ­ցած էր որ­պէս Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի պատ­գա­մա­ւոր։ 1990 թուա­կա­նին գու­մա­րուած Ազ­գա­յին պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին ալ ան­դա­մակ­ցած էր՝ հո­գե­լոյս Տ. Գա­րե­գին Պատ­րիարք Գա­զան­ճեա­նի ընտ­րու­թեան շրջա­նին։ Նոյն­պէս 1998 թուա­կա­նին գու­մա­րուած Ազ­գա­յին պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցած էր որ­պէս պատ­գա­մա­ւոր՝ Տ. Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեա­նի ընտ­րու­թեան շրջա­նին։ Այդ ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին ընտրուած էր Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ։

Շուրջ քա­ռա­սուն տա­րի մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թիւն բե­րե­լէ վերջ Տէր Հայ­րը ի Տէր հան­գաւ ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն՝ խոր ցաւ պատ­ճա­ռե­լով ե­կե­ղե­ցա­սէր շրջա­նակ­նե­րուն։

Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ այ­սօր հրա­պա­րա­կուած մա­հազ­դին մէջ ծա­նու­ցուած են իր վեր­ջին օծ­ման ու թաղ­ման կար­գին վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2015