Տ. ԵԶՆԻԿ ՔՀՆՅ. ՄԱՐՏԻՐԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց Հայաստանէն հիւրաբար քաղաքս փութացած՝ Մասիացոտնի թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Եզնիկ Քհնյ. Մարտիրեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն մըն ալ կատարուեցաւ՝ երանաշնորհ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի շիրմին մօտ, որ կը գտնուի եկեղեցւոյ բակին մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2023