ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը պաշտօնապէս տեղեկացուց եպիսկոպոս ձեռնադրուելիք միաբաններուն անունները։ Այսպէս, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին վրայ յընթացս Ս. Պատարագի, Վեհափառ Հայրապետին կողմէ եպիսկոպոս պիտի ձեռնադրուին՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան տնօրէն ժողովի ատենապետ Տ. Թէոդորոս Ծ. Վրդ. Զաքարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեան։
Շաբաթավերջի ձեռնադրութեան ընդառաջ հաւանական թեկնածուներու շարքին կը դասուէր նաեւ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեանի անունը։ Կը հաղորդուի, որ ան վերջին պահուն ցուցակէն դուրս մնացած է՝ առողջական պատճառներով։ Արդարեւ, հայր սուրբը վերջին շրջանին ողնայարի վիրահատութեան մը ենթարկուած է։ Ուստի, յետվիրահատական շրջանի նրբութիւններուն բերումով ան այս փուլին եպիսկոպոս ձեռնադրուելիք թեկնածուներու շարքէն դուրս թողուած է։