ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի երդիքին տակ անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) հերթական ժողովը։ Ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի ընթացքին ատենապետի պաշտօն ստանձնեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Ժողովականները քննարկեցին ԳՀԽ-ի կանոնադրութեան լրամշակուած նախագիծը, որ պատրաստուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կառավարման բարձրագոյն մարմիններու կանոնադրութեան մշակման յանձնախումբին կողմէ։ Նախագծին վերաբերեալ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ փոխանցեցին այս յանձնախումբի անդամները՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան եւ իրաւաբան Գէորգ Դանիէլեան։ Ժողովականները դիտարկումներ ըրին եւ սրբագրութիւններ առաջարկեցին կանոնադրութեան յօդուածներուն վերաբերեալ։ ԳՀԽ որոշեց խմբագրական աշխատանքէ վերջ կանոնադրութեան նախագիծը ուղարկել թեմեր՝ առաջարկներու եւ դիտարկումներու համար։

Ժողովի ընթացքին «Դաւիթեան» հիմնադրամի նախագահ ու բարերար Ասօ Դաւիթեան ԳՀԽ-ին զեկուցում մը ներկայացուց՝ Հայոց Եկեղեցւոյ գործառնութիւններու բարելաւման ծրագրի ներկայ վիճակին վերաբերեալ։

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ժողովականներուն բացատրութիւններ տուաւ՝ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման ատենապետ։ Նկատի ունենալով, որ 2018 թուականը հռչակուած է երիտասարդութեան տարի՝ ժողովական հայրերը կանգ առին մշակուած ծրագրերու մանրամասնութիւններուն վրայ։

Բաց աստի, ԳՀԽ համատեղ նիստ մը գումարեց Արեւմտեան Թեմի թեմական խորհուրդի անդամներուն հետ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2017