ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան՝ կրօնական ու քաղաքական ժողովները համատեղ նիստ մը գումարեցին շաբաթավերջին Անթիլիասի մէջ՝ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Խառն ժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ Անթիլիասի կարգ մը թեմերու առաջնորդները։ Ըստ Կիլիկեան Աթոռի կանոնադրութեան, սոյն ձեւաչափով ժողովի օրակարգին մաս կը կազմեն բացառապէս Կաթողիկոսարանի, Հայ Եկեղեցւոյ, Հայաստանին ու Արցախին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին վերաբերեալ ընդհանրական հարցեր։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ Կիլիկեան Աթոռի Սիսի երբեմնի մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսանիստ համալիրի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու առաջադրութեամբ բացուած դատին ներկայ փուլը։ Համապատասխան յանձնախումբի անդամուհիներէն տքթ. Նորա Պայրաքթարեան զեկուցումով մը հանդէս եկաւ ժողովի ընթացքին։ Իր կարգին, Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ յայտնեց, որ յառաջիկայ փուլին կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այս գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւններու փոխանցումը, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ դատը Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի դատն է։

Նիստի տեւողութեան Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գործակցութեան՝ հրամայական անհրաժեշտութիւն բնութագրելով այդ մէկը։ Իր խօսքով՝ այդ գործակցութիւնը մղիչ ուժը կը համարուի Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել կենսունակութեան։ «Նուիրապետական աթոռները տարբեր պայմաններու մէջ կ՚ապրին, տարբեր դրուածքներ ունին ու տարբեր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, սակայն, այս բոլորէն վեր՝ մեր Եկեղեցւոյ ու ազգային հաւաքական արժէքներուն եւ իտէալներուն ամուր կապուածութիւնը հիմքն է մեր Եկեղեցւոյ ներքին միասնականութեան եւ անոր հոգեւոր ու ազգային առաքելութեան», նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։

Բաց աստի, Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ կանգ առաւ Արցախի վերջին պատերազմէն վերջ ստեղծուած կացութեան վրայ եւ այս ծիրէն ներս մասնաւորապէս խօսեցաւ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան շուրջ։ Ի շարունակութիւն, խառն ժողովը շեշտեց իր հաւատարմութիւնն ու զօրակցութիւնը Հայաստանի պետութեան նկատմամբ, անոր անկախութիւնով, տարածքային ամբողջականութիւնով, գերիշխանութիւնով ու անվտանգութիւնով հանդերձ։ Արդարեւ, այս բոլորը պէտք է մնայ ամուր ու վեր՝ Հայաստանի ներքին խնդիրներէն։ «Մեր ազգի կեանքին ներկայ ճակատագրական հանգրուանը պէտք է բոլորս մղէ մէկդի դնելու բաժանարար մօտեցումները եւ մեր հայրենիքի հզօրացման նպաստող աշխատանքները պէտք է դառնան միացուցիչ շաղախը մեր ժողովուրդի զաւակներուն», նշուած է խառն ժողովէն վերջ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցին մէջ։

Միւս կողմէ, Արամ Ա. Կաթողիկոս ժողովականները տեղեակ պահեց, որ որոշած է 2022 թուականը հռչակել «Սփիւռքի տարի»։ Իրենց հերթին, ժողովականներն ալ շեշտեցին սփիւռքի վերակազմակերպման անհրաժեշտութեան հրամայականը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021