ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Քլաուտիա Պուշը։ Վեհափառ Հայրապետը դեսպանը շնորհաւորեց նշանակման կապակցութեամբ եւ բարեյաջող առաքելութիւն մաղթեց՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներու կապերու առաւել զօրացման։

Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար։ Ան անդրադարձաւ նաեւ աշխարհաքաղաքական մտահոգիչ զարգացումներուն եւ անոնց ազդեցութեան Հարաւային Կովկասի իրավիճակին վրայ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց հայ ժողովուրդի կրած տառապանքը՝ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին հետեւանքով։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանեալ հայոց ընկերային խնդիրներու յաղթահարման ուղղեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական ոլորտէ ներս առկայ սերտ գործակցութեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2024