ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հայրապետական պատգամը Ս. Ծննդեան տաղաւարին առթիւ։

*

Յա­նուն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն սրբոյ. ա­մէն։

«Փառք ի բար­ձունս Աս­տու­ծոյ եւ յեր­կիր խա­ղա­ղու­թիւն, ի մար­դիկ հա­ճու­թիւն»
(ՂՈՒԿ. 2։14)։

Սի­րե­լի բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուրդ,

Սուրբ Ծննդեան ա­ւե­տի­սը այ­սօր մե­զ ա­ռաջ­նոր­դած է դէ­պի մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, որ­պէս­զի խնդու­թեամբ եւ հո­գե­ւոր եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ խո­նար­հինք Մա­նուկ Յի­սու­սի՝ աշ­խար­հի Փրկչի սնա­րին առ­ջեւ։

Բեթ­ղե­հէ­մի մսու­րին մէջ ծնաւ Քրիս­տոս եւ Փրկչի աշ­խարհ գա­լով սկսաւ ճա­նա­պար­հը Աս­տու­ծոյ հետ հաշ­տու­թեան, մեղ­քի պատ­ճա­ռով Ան­կէ հե­ռա­ցած մարդ­կու­թեան դար­ձի եւ փրկու­թեան։ Իր Որ­դիի մար­դե­ղու­թեան խոր­հուր­դով Աս­տուած մար­դի­կը ժա­ռան­գորդ դար­ձուց երկ­նի ար­քա­յու­թեան եւ Իր մի­ջո­ցաւ ցոյց տուաւ այդ փառ­քին ար­ժա­նա­նա­լու ու­ղին՝ ըստ հրեշ­տակ­նե­րու օրհ­նա­ձայն փա­ռա­բա­նու­թեան՝ «յեր­կիր խա­ղա­ղու­թիւն, ի մար­դիկ հա­ճու­թիւն»։

­Մար­դե­ղա­ցեալ Աս­տուա­ծոր­դին Իր փրկչա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ շրջա­փո­խեց պատ­մու­թեան ըն­թաց­քը՝ մար­դիկ կո­չե­լով սի­րոյ եւ խա­ղա­ղու­թեան սկզբուն­քի վրայ հաս­տա­տե­լու կեան­քը։ Քրիս­տոս մար­դոց կը պար­գե­ւէ այս աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն բա­րի­քը՝ Իր խա­ղա­ղու­թիւ­նը. «Խա­ղա­ղու­թիւն կը թո­ղեմ ձե­զի, իմ խա­ղա­ղու­թիւ­նը կու տամ ձե­զի, ձե­զի չեմ տար, ինչ­պէս այս աշ­խար­հը կու տայ, ձեր սրտե­րը թող չխռո­վուին ու չվախ­նաք» (ՅՈՎ. 14։27)- կ՚ը­սէ Տէ­րը։

Փրկչի խա­ղա­ղու­թեան կո­չին ու հրա­ւէ­րին հան­դիպ­ման մեր ժա­մա­նա­կի մե­ծա­գոյն մար­տահ­րա­ւէրն է ան­հա­տի, հա­սա­րա­կու­թեանց ու պե­տու­թեանց կեան­քէն ներս խա­ղա­ղու­թեան խա­թա­րու­մը։ Մարդ­կու­թիւ­նը 21-րդ դար թե­ւա­կո­խած է մեծ տագ­նապ­նե­րով։ Հա­կա­մար­տու­թիւն­ներ, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան շա­հե­րու մէջ բա­խում, ճգնա­ժա­մեր, մար­դա­սի­րա­կան ա­ղէտ­ներ կը շա­րու­նա­կեն յու­զել աշ­խար­հը, սեր­մա­նել ան­հան­դուր­ժո­ղու­թիւն ու անվս­տա­հու­թիւն, սփռել ա­ւե­րուա­ծու­թիւն, աղ­քա­տու­թիւն, տա­ռա­պանք­ներ։ Հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն մէջ կը խա­թա­րուին բար­քե­րը, կը խե­ղա­թիւ­րուին հո­գե­ւոր-բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը, ա­ռա­ւել տա­րա­ծում կը գտնեն կեղ­ծիք, մո­լո­րու­թիւն­ներ, սպա­նու­թիւն­ներ, կը սա­սա­նուին ըն­կե­րա­յին կեան­քի, ըն­տա­նի­քի հիմ­քե­րը։ Ծայ­րա­յե­ղա­կան գա­ղա­փար­ներ քա­րո­զող ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը հա­ւատ­քի ա­նու­նով մահ ու ա­ւեր կը սփռեն յատ­կա­պէս Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ, ուր այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կող­քին տա­ռա­պում եւ զրկանք­ներ կը կրեն նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը։

Կոր­ծա­նա­րար ու կորս­տա­բեր այս ի­րա­վի­ճակ­նե­րէն մարդ­կու­թիւ­նը կը փնտռէ ելք եւ կար­գա­ւոր­ման ու­ղի­ներ, ո­րոնց ա­նո­րո­շու­թեան մէջ բարձ­րա­ցող հար­ցա­կան­նե­րուն առ­ջեւ այ­սօր քաղց­րօ­րէն կը հնչէ մեր հո­գի­նե­րուն Բեթ­ղե­հէ­մի մէջ աշ­խարհ ե­կած Փրկչի յու­սադ­րող խօս­քը. «Խա­ղա­ղու­թիւն կը թո­ղեմ ձե­զի, իմ խա­ղա­ղու­թիւ­նը կու տամ ձե­զի, ձե­զի չեմ տար ինչ­պէս կու տայ այս աշ­խար­հը»։ Ք­րիս­տո­սի պար­գե­ւա­ծը չէ այս աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւ­նը, որ ան­հաս­տատ է եւ ան­կա­յուն։ Քրիս­տո­սի խա­ղա­ղու­թիւնն է հո­գիի խա­ղա­ղու­թիւ­նը, որ խարս­խուած առ Աս­տուած հա­ւատ­քի, Աս­տու­ծոյ խօս­քի պա­տուի­րան­նե­րու վրայ՝ կը վե­րա­փո­խէ կեան­քը։ Ան կը բնա­կի ա­նա­չառ սրտի մէջ, ճշմար­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան մէջ, կը զօ­րա­նայ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի յոյ­սով ապ­րող հո­գի­նե­րու մէջ։ Այս ի­մաս­տով ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Եւ Աս­տու­ծոյ խա­ղա­ղու­թիւ­նը, որ վեր է քան ա­մե­նայն միտք, պի­տի պա­հէ ձեր սրտե­րը եւ մտա­ծում­նե­րը Յի­սուս Քրիս­տո­սով», (ՓԻԼ. 4։7)։ Ար­դա­րեւ, կեան­քը կան­գուն է Աս­տու­ծոյ սի­րով լե­ցուն հո­գիի խա­ղա­ղու­թեամբ։ Ա­մէն բան ան­հաս­տատ է, երբ մար­դոց մէջ կը տկա­րա­նայ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեան զգա­ցու­մը, երբ մարդ­կա­յին ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րէն մին­չեւ ազ­գե­րու ու պե­տու­թիւն­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը կա­ռու­ցուին սոսկ սե­փա­կան շա­հե­րու ու ձգտում­նե­րու կամ՝ պար­տադ­րան­քի վրայ։ Գտնել, Քրիս­տո­սի խա­ղա­ղու­թիւ­նը, կը նշա­նա­կէ ու­նե­նալ սէր եւ եր­ջան­կու­թիւն ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ, հա­մե­րաշ­խու­թիւն ու բա­րօ­րու­թիւն հա­սա­րա­կու­թեանց ու պե­տու­թեանց մէջ։ Մար­դե­ղա­ցեալ Աս­տուա­ծոր­դին բո­լոր դա­րե­րուն եւ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեան­քին մէջ կը պար­գե­ւէ զօ­րու­թիւ­նը՝ ի­րա­գոր­ծե­լու Աս­տու­ծոյ հետ հաշ­տու­թեան եւ մար­դոց մէջ հա­ճու­թեան պատ­գա­մը, կը պար­գե­ւէ զօ­րու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լու երկ­նա­յին փրկա­րար շնորհ­նե­րը, ո­րոնք կը բնա­կին մեր մէջ, երբ հա­մախմ­բուած ենք խա­ղա­ղու­թիւն, ար­դա­րու­թիւն հաս­տա­տե­լու, ա­ջակ­ցու­թիւն եւ մխի­թա­րու­թիւն բե­րե­լու։ «Ար­դա­րու­թեան պտու­ղը խա­ղա­ղու­թեամբ կը սեր­մա­նուի ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք խա­ղա­ղու­թիւն կ՚ը­նեն», (ՅԱԿ. 3։17)։

­Սի­րե­լի բա­րե­պաշտ զա­ւակ­ներ Մեր, հայ­րե­նա­կան մեր կեան­քին մէջ եւս ծա­ռա­ցած է խա­ղա­ղու­թեան պահ­պան­ման հրա­մա­յա­կա­նը։ Տա­րի­նե­րէ ի վեր մեր եր­կի­րը կը գտնուի շրջա­փակ­ման մէջ Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ։ Վեր­ջինս մեր սահ­ման­նե­րուն վրայ սադ­րանք­նե­րու կը դի­մէ՝ ձգտե­լով ոտ­նա­հա­րել Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը։ Կը հա­ւա­տանք, որ խա­ղա­ղու­թեան նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ եւ առ Քրիս­տոս հա­ւատ­քով զօ­րա­ցեալ՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը իր հո­գիի խա­ղա­ղու­թիւ­նը պա­տուար պի­տի դարձ­նէ ընդ­դէմ թշնա­մեաց յար­ձա­կում­նե­րու, ան­խոր­տա­կե­լի վա­հան՝ ընդ­դէմ հայ­րե­նեաց սահ­ման­նե­րու ոտնձ­գու­թիւն­նե­րու՝ հե­րո­սա­բար պաշտ­պա­նե­լով մեր եր­կիրն ու սրբա­զան ար­ժէք­նե­րը եւ կուռ ու միաս­նա­կան ո­գիով դնե­լով իր ջան­քե­րը դժուա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու, շէ­նաց­նե­լու մեր հայ­րե­նի­քը, աշ­խար­հաս­փիւռ մեր կեան­քը։ Սի­րե­լի­ներ, Քրիս­տոս է մեր զօ­րու­թիւ­նը։ Ա­ներկ­միտ, ան­վա­րան հա­ւատ­քով հե­տե­ւինք մեր Տի­րոջ պատ­գամ­նե­րուն։ Մեր Փրկչի քա­ջա­լե­րող խօս­քին հա­մա­ձայն՝ թող մեր սրտե­րը չխռո­վուին եւ չվախ­նանք։ Ա­պա­ւի­նինք ոչ միայն մարդ­կա­յին մեր տկար ու­ժե­րուն, այ­լեւ՝ Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թեան, որ կրնայ մե­զի հա­մար անհ­նա­րի­նը հնա­րա­ւոր դարձ­նել։ Պար­տա­ւո­րուա­ծու­թե­նէ ա­ռա­ւել թող մեզ ա­ռաջ­նոր­դէ ծա­ռա­յու­թեան, սի­րոյ ու նուի­րու­մի ո­գին, ո­րով ծնունդ ա­ռած մեր գոր­ծե­րը հա­նա­պա­զօ­րեայ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն են՝ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար ազ­գա­յին զար­թօն­քի, լու­սա­ւոր գա­լի­քի մեր տե­սիլք­նե­րը։

Մեր Փրկչի Ծննդեան այս սուրբ օ­րը բերկ­րու­թեամբ լե­ցուն մեր հո­գի­նե­րէն միաս­նա­բար եր­կինք ա­ղօթք բարձ­րաց­նենք, որ Քրիս­տոս մեր Տէ­րը երկ­նա­յին շնորհ­նե­րով, հա­ւատ­քով, յոյ­սով ու սի­րով զօ­րաց­նէ մարդ­կանց հո­գի­նե­րը՝ կեր­տե­լով ա­պա­հով, խա­ղաղ ու բա­րօր աշ­խարհ։ Խա­ղաղ պա­հէ նաեւ մեր եր­կիրն ու ժո­ղո­վուր­դը, օրհ­նէ մեր կեան­քը այս աշ­խար­հի մէջ եւ ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի լոյ­սը։

Քրիս­տո­սի Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­նա­պազ ա­ղօթ­քը եւ մաղ­թան­քը, իբ­րեւ պատ­գամ կրկին կը հնչեց­նենք՝ Խա­ղա­ղու­թիւն ա­մե­նե­ցուն։

Սուրբ Ծննդեան մե­ծաս­քանչ ա­ւե­տի­սով ող­ջոյն կը յղենք Ա­ռա­քե­լա­կան մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ Նուի­րա­պե­տա­կան Ա­թոռ­նե­րու Գա­հա­կալ­նե­րուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սին, Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Ա­մեն. Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նին, Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Ա­մեն. Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նին, Քոյր Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր Պե­տե­րուն եւ մեր Ե­կե­ղեց­ւոյ ուխ­տա­պահ ողջ հո­գե­ւոր դա­սուն։ Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ կ՚ող­ջու­նենք Սուրբ Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Տիար Սերժ Սարգ­սեա­նը, ող­ջոյն կը յղենք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Տիար Բա­կօ Սա­հա­կեա­նին, հա­յոց պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին, Հա­յաս­տա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Հայ­րա­պե­տա­կան մեր օրհ­նու­թիւ­նը կը բե­րենք աշ­խար­հաս­փիւռ հա­մայն մեր ժո­ղո­վուր­դին՝ հո­գիի բերկ­րու­թեամբ զայն ող­ջու­նե­լով.

Քրիս­տոս ծնաւ եւ յայտ­նե­ցաւ,
Ձե­զ եւ մե­զ մեծ ա­ւե­տիս։

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2016