ՓՐԿԱՒԷՏ ՈՂՋՈՅՆ…

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ 2023 թուականի այս առաջին մեծ տօնը նշուեցաւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտին մէջ։ Ինչպէս ամէն տաղաւարին, այս տարի եւս աշխարհասփիւռ հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պատգամին վրայ։

Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ երէկ առաւօտ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ մատուցուեցաւ Հայրապետական Ս. Պատարագ։ Եկեղեցւոյ զանգակներու ղօղանջը աւետեց հայրապետական ծանրաշուք թափօրի տաճար մուտք գործելը։ Ուղիղ եթերով սփռուած եւ համայն հայութեան ուշադրութեան առարկայ դարձած արարողութեան ընթացքին, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ եկեղեցի մուտք գործեց՝ բաշխելով իր օրհնութիւնները։ Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութեան առընթերակայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան։ Փէշակիրներն էին Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան եւ Տ. Անանիա Աբեղայ Ծատուրեան։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի երգչախումբը այնքան խորհրդաւոր եւ ներդաշնակ ձեւով կատարեց սրբազան երգեցողութիւնը, որ իսկապէս խոր տպաւորութիւն թողուց թէ՛ ներկայ հաւատացեալներուն եւ թէ ընկերային ցանցերու կամ հեռատեսիլի միջոցաւ արարողութեան հետեւած բոլոր հաւատացեալներուն վրայ։

Տաղաւարի մեծահանդէս Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ  2023 թուականի Ս. Ծննդեան պատգամը։ Նորին Սրբութեան այս պատգամը մեր յարակից սիւնակներուն մէջ ներկայացուած է առանձնապէս։ 

Յաւարտ Ս. Պատարագի, ըստ ընկալեալ սովորութեան, տեղի ունեցաւ մեծահանդէս Ջրօրհնէք՝ ի նշանաւորումն Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետի մէջ մկրտութեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եկեղեցական հայեցակարգային գրասենեակի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի ձեռամբ այս փուլին վերաբերուեցաւ միւռոնաթափ աղաւնին։ Վեհափառ Հայրապետը սրբալոյս միւռոնով եւ մեծ խաչով օրհնեց՝ խորանին վրայ զետեղուած մեծ կաթսաներու ջուրը։ Այս տարի Ս. Ծննդեան խորհրդանշական խաչեղբայրն էր զուիցերահայ յայտնի ազգային գործիչ Յակոբ Աւագեան։ Ջրօրհնէքի աւարտին դարձեալ կազմուեցաւ հանրաշուք թափօրը եւ Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցիէն դուրս առաջնորդուեցաւ։ Այս փուլին դարձեալ ծովածաւալ հաւատացեալները համախմբուեցան իրենց Հայրապետին շուրջ՝ հայցելով անոր օրհնութիւնը։ Թափօրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւոր ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի առարկայ դարձուց փոքրիկները, որոնք մասնակցած էին սրբազան արարողութիւններուն։

Այսպէսով 2023 թուականի Ս. Ծնունդին եւս համայն հայութիւնը հաղորդ դարձաւ իր ընդհանրական հայրապետի պատգամին, ինչ որ բոլորին տեսակէտէ տարեմուտի տրամադրութիւնները կը պայմանաւորէ։

Շաբաթ, Յունուար 7, 2023