ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
«Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Եկիր ի փրկութիւն ազգի մարդկան,
Թագաւոր փառաց, Քո անճառ խոնարհութեամբդ» (Շարական):
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան լուսաշող տօնին, համախմբուած մեր սուրբ եկեղեցիներու կամարներու ներքեւ, կը փառաբանենք Բարձրեալ Աստուած, որ մարդկութեան հանդեպ անհուն սիրով ու ողորմութեամբ ուղարկեց Իր Միածին Որդին՝ ազատելու մարդ արարածը մեղքէ եւ մահուան կապանքներէ։ «Փառքի Թագաւոր, Քո անճառ խոնարհութեամբդ եկար մարդկութեան փրկութեան համար», կ՚օրհներգէ շարականագիրը:
Այսօր Սուրբ Ծնունդի հրաշազարդ իրադարձութիւնը վերստին կը յառնէ մեր հայեացքի առջեւ։ Երկնային բարձունքներուն մէջ գահուն բազմող Փառքի Թագաւորը կը ծնի աղքատիկ մսուրի մէջ։ Փրկչի Ծննդեան հրեշտակաձայն աւետիսին ունկնդիր՝ պարզասիրտ հովիւները կը խոնարհին Մանուկ Աստուածորդիի առջեւ։ Իմաստուն մոգերը կ՚երկրպագեն Փրկչին, Որ աստուածային խնամքով մարդկութիւնը կ՚առաջնորդէ դեպի բարիք, հաճութիւն ու համերաշխութիւն։
Աստուածորդիի հրաշափառ Սուրբ Ծնունդը անճառելի խորհուրդ է՝ մտքին անհասանելի, բայց հաւատքով ճանաչելի եւ ընկալելի։ Փրկիչը խոնարհեցաւ եւ մարմին առաւ նիւթականէն դէպի հոգեւորն ու աստուածայինը բարձրացնելու մարդկային սիրտերն ու մտքերը։ Անմահը մահկանացու դարձաւ՝ ճշմարիտ կեանքի եւ յաւիտենութեան ճանապարհը ցոյց տալու մարդկութեան՝ համաձայն Իր խօսքի. «Ես եմ ճանապարհը եւ ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհ. 14.6)։ Այսօր ալ Բեթղեհէմի պայծառափայլ աստղը փորձութիւններով խռովայոյզ աշխարհի մէջ փրկութեան յոյսի ճանապարհը կ՚ուղենշէ։ Սուրբ Ծնունդի գիշերը կը վկայէ, որ անգամ նեղութիւններու խաւարին մէջ կը փայլատակէ Աստուծոյ լոյսը, կը ծագի արդարութեան արեգակը, ինչպէս կ՚անուանուի Քրիստոս շարականներու եւ մարգարէութեան մէջ (Մաղաք. 4.2)։
Քրիստոսին ընդառաջ երթալը, անոր պատուիրաններով ապրիլը կը վեհացնէ եւ կը զօրացնէ անձերն ու ժողովուրդները, արժանի կը դարձնէ աստուածային պարգեւներու եւ օրհնութիւններու։ Խանձարուրով պարուրուած Աստուածորդին ընդունելով մարդը կը զգեստաւորուի փրկութեան շնորհով, որ հաւատացեալի կեանքէն ներս կը բխեցնէ երկնառաք բարիքներու աղբիւրը։ Աստուածամերժ ընթացքները, սակայն, մարդկութիւնը կը կանգնեցնեն չարիքներու եւ կործանարար սպառնալիքներու առջեւ։
Այսօր ամէնքս ականատես ենք Աստուծմէ հեռացող աշխարհի դառնագին իրականութեան՝ նիւթականի պաշտամունք, քաղաքական ու տնտեսական շահեր, տիրապետելու մոլուցք, որոնց կը զոհաբերուին անհատի եւ ժողովուրդներու իրաւունքները, բարոյականութեան սկզբունքները, համամարդկային խաղաղ համակեցութիւնը, երջանկութիւնն ու բարիքը։ Այս արհաւիրքներու հետեւանքով մարդկութիւնը յայտնուած է աղիտալի իրողութիւններու առջեւ՝ պատերազմներ, զոհեր ու աւերուածութիւններ, կարիքի ու դժուարութիւններու մէջ հասակ առնող որբացեալ եւ անօթեւան երեխաներ, հակամարտութիւններու դաժան պայմաններու ներքեւ գոյատեւող, գաղթական դարձած ընտանիքներ։ Այսպիսի տագնապալի իրավիճակները հրամայական կը դարձնեն աշխարհի բարեփոխումն ու ժողովուրդներու համերաշխ գոյակցութիւնը, որ մշտապէս կը պատգամուի Մանուկ Աստուածորդիի Սուրբ Ծնունդի՝ «յերկիր խաղաղութիւն եւ ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկ. 2.14) հրեշտակաձայն օրհներգութեամբ։
Սիրելիներ, աշխարհաքաղաքական ներկայ բարդ իրադրութեան մէջ ծանր փորձութիւններու ենթարկուեցաւ մեր ժողովուրդը՝ բռնազաւթուեցաւ եւ հայաթափուեցաւ Արցախը, գրաւուած կը մնան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ, տակաւին գերութեան մէջ են եւ անյայտ կորսուած մեր բազում զաւակներ, Ատրպէյճանի կողմէ կը շարունակեն հնչեցուիլ նորանոր պահանջներ ու սպառնալիքներ։ Այսօր մեր երկիրը խռովայոյզ է ներքին խնդիրներով՝ կեղծիք, անօրինականութիւն, չարակամութիւն, քինախնդրութիւն, արատաւոր երեւոյթներ, որոնք հասարակութեան մէջ պատճառ կը դառնան անվստահութեան, անտարբերութեան, թշնամանքի ու պառակտումի եւ կը յանգեցնեն ազգի տկարացման։ Այս ամէնուն զուգընթաց քրիստոնէական բարոյական ընկալումներու եւ ազգային-հոգեւոր աւանդական արժէքներու խեղաթիւրումը կ՚աղճատէ մեր ժողովուրդի ինքնութեան դիմագիծը, կը թուլացնէ ազգային ոգին, կը ներքաշէ դէպի մեղքի, յուսահատութեան որոգայթներ։
Ս. Ծնունդի խորհուրդով մեզի վերստին երկնային հրաւէրը կ՚ուղղուի՝ ընթանալու սիրոյ, հաշտութեան, արդարութեան տէրունաւանդ ճանապարհով։ Այս կոչը իրագործելի է միայն քրիստոնէական կենսակերպով։ Այս կոչը իրագործելի է, եթէ անձնական բարեկեցութեանն ու յարմարաւէտութեան չզոհաբերենք մեր ինքնութիւնը, ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու հայրենիքի բարօրութիւնը։ Չենք կրնար ծառայել համընդհանուր բարիքին՝ տրուելով փառասիրութեանն ու իշխանատենչութեան եւ առաջնայնութիւն տալով սեփական շահերուն։ Մենք՝ որպէս ազգ, ըլլայ հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, կը յաջողինք, եթէ միշտ հաւատարիմ մնանք Քրիստոսին, անոր վարդապետութեան, ընթանանք Աստուծոյ խօսքի եւ աստուածային կամքի համաձայն, ձերբազատուինք մոլորեցնող ու բաժանարար մարդկային նենգամտութենէն։ Միաբանուինք յանուն մեր պետութեան անսասանութեան եւ անվտանգութեան, Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերու ու եղբայրներու նկատմամբ արդարութեան վերականգնման, յանուն մեր ազգի ու հայրենիքի ապահով եւ բարօր յարատեւութեան։ Ըլլանք միմիանց գործակից եւ ոչ՝ հակառակորդ, ըլլանք նախանձախնդիր ծառայելու եւ ոչ՝ դիրքն ու հանգամանքը չարաշահելու մէջ։ Տարագիր չդառնանք մեր երկրին, ապրինք ու արարենք մեր հարազատ բնօրրանին մէջ։ Երեխաներու նոր ծնունդով, արժանաւոր զաւակներու դաստիարակութեամբ հզօրացնենք մեր ազգն ու հայրենիքը։ Իւրաքանչիւրս մեր կարողութեան չափով ներդրում բերենք համազգային կեանքի յառաջընթացին՝ ի պայծառութիւն մեր պետութեան եւ ի շահ մեր ժողովուրդի լուսաւոր գալիքի։
Ս. Ծնունդի ուրախալի աւետիսով կ՚ողջունենք Առաքելական մեր Ս. Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալները՝ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը, մեր Ս. Եկեղեցւոյ ուխտապահ ողջ հոգեւոր դասը: Մեր ողջոյնը կը յղենք ի Քրիստոս մեր հոգեւոր եղբայրներուն՝ քոյր եկեղեցիներու պետերուն եւ հաւատաւոր իրենց հօտին: Հայրապետական մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը բերենք համայն մեր ժողովուրդին ի հայրենիս եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Ս. Ծնունդի հոգենորոգ այս օրը միասնաբար աղօթք մատուցենք մարդեղացեալ Աստուածորդիին եւ հայցենք, որ առատ ըլլան երկնահեղ օրհնութիւնները ազգային ու հայրենական մեր անդաստանի մէջ, հաստատուն մնան տէրունաւանդ հաւատքը, յոյսն ու սէրը մեր կեանքէն ներս։
Խնդրենք Երկնաւոր Տիրոջ զօրակցութիւնը մեծ կորուստներ կրած եւ հարազատ բնօրրանէն զրկուած արցախահայութեան։ Խնդրենք Ամենակալէն, որ խաղաղութիւն ու բարօրութիւն հաստատուի ամբողջ աշխարհին մէջ եւ մեր երկրէն ներս։ Թող Աստուծոյ ամենախնամ Աջը եւ Սուրբ Ծնունդի կենարար շնորհները մշտապէս հովանի ըլլան համայն մեր ժողովուրդին այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս։