Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տօնական Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սիմէոն Քահանայ Մովսիսեան։ Արարողութեան առթիւ համախմբուած էին թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռի միաբաններ եւ շուրջ 250 քահանայ հայրեր, որոնք կը պաշտօնավարեն զանազան թեմերէ եւ եկեղեցական կառոյցներէ ներս։ Պատարագիչ տէր հայրը խօսեցաւ խրատական մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Ս. Ղեւոնդեանց տօնի խորհուրդին եւ նշանակութեան։ Ան այս առթիւ կանգ առաւ այն արդի մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք կը սպառնան ազգային ինքնութեան եւ հաւատքին։ «Նիւթապաշտութեան, անտարբերութեան, անարդարութեան չաստուածները երբեմն սիրելի կը դառնան մեր որոշ քոյրերու եւ եղբայրներու համար։ Այսօր մեր հայրենիքի սահմաններուն հասած կրօնական կասկածելի հոսանքները, ազատութեան մասին խեղուած մեկնաբանութիւնները, հեռուստատեսութիւններով կամ զանազան միջոցներով քարոզուած քրիստոնէական ընտանիքի մասին աղաւաղուած պատկերացումները, օտարոտի ենթամշակոյթներու ու կեղծ արուեստի քարոզչութիւնը շատ չեն տարբերիր եւ երբեմն աւելի վտանգաւոր են հին յազկերտներէն ու անոնց զօրքէն», ըսաւ ան։

Վերջաւորութեան տէր հայրը Հայ Եկեղեցւոյ քահանայից դասուն անունով օրուան տօնին առթիւ շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը՝ հայցելով Ս. Ղեւոնդեանց բարեխօսութիւնը իւրաքանչիւր հայ հոգեւորականի ուխտեալ ծառայութեան համար։

Նոյնպէս երէկ, Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխութեան արարողութիւն։ Միասնական Տէրունական աղօթքէն վերջ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան։ Ան ընդգծեց, որ Ս. Ղեւոնդեանց տօնը քահանայական ծառայութեան արժեւորման, պանծացման եւ փառաբանութեան օրն է։ Մինչ պարգեւաբաշխութեան սկսիլը «Դաւիթեան» հիմնադրամի նախագահ ու բարերար Ասօ Դաւիթեան հանդէս եկաւ ամփոփ ելոյթով մը, որու ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ Հայ Եկեղեցւոյ գործառնութիւններու բարելաւման ծրագրին շուրջ։ Ան ներկայացուց այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները եւ պատասխանեց հոգեւորականներու հարցումներուն։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը շարք մը եկեղեցականներու շնորհեց քահանայական լանջախաչ։ Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր պատգամը։ Ան մաղթեց, որ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաները մշտապէս ոգեշնչեն եկեղեցականները իրենց առաքելութեան մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018