ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՎՇՏԱԿԻՑ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ առաւօտ անմիջապէս արձագանգեց ահաւոր երկրաշարժին։ Նորին Սրբութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հեռաձայնով կապ հաստատեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին հետ։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցութիւն յայտնեց ահաւոր երկրաշարժին կապակցութեամբ եւ երկնային համբերութիւն մաղթեց բոլոր անոնց, որոնք կրած են նոյնպէս ահաւոր աւերներ եւ մարդկային կեանքի կորուստներու ցաւը։ Բաց աստի, ան յայտնեց, թէ կը մնայ աղօթքով, նաեւ հետաքրքրուեցաւ երկրաշարժէն ազդուած շրջաններու բնակիչ համայնքի անդամներուն վիճակով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հայրապետական հոգածու վերաբերմունքին համար։

Միւս կողմէ, երկրաշարժէն անմիջապէս վերջ, Նորին Ամենապատուութեան ցաւակցութիւն յայտնեցին նաեւ Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Պարսամեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2023