ՃԻ՛ՇԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԷ

Քառասնորդաց պահեցողութեան 8-րդ օրն է:

Այսօրուան Սուրբ Գիրքի ընթերցումներէն, Առակաց Գիրքին մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Որդեա՛կ իմ, եթէ մեղաւորները քեզի գլխէ հանել ուզեն, դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար» (Առ 1.10): Պատգամ մը, թելադրութիւն մը, խնդրանք մը եւ միաժամանակ ազդարարութիւն մը, նայած թէ ի՛նչ կերպ կ՚ընդունինք: Ինչ կերպ ալ ընդունինք սակայն, նպատակը ըսուածին յստակ ու պարզ է, հեռո՛ւ մնալ մեղաւորներէն, հաւանութիւն չտալ անոնց: Իսկ հեռու ըլլալու եւ հաւանութիւն չտալու համար, մարդ պէտք է, որ կարենայ որոշում կայացնել: Որոշումն ալ երկու տեսակ է, կամ ճիշդ՝ դրական եւ կամ ալ սխալ՝ ժխտական:

Անցնող օրերուն պահք պահողներու՝ -թէ մարդիկ ինչո՞ւ պահք կը պահեն-, մասին անդրադարձած էի, ուր հինգ խումբեր ներկայացուցած էի: Այսօր, այդ խումբերէն տարբեր խումբի մը մասին պիտի անդրադառնամ, որ սակայն ո՛չ թէ պահք պահողներուն հետ կապ ունի, այլ՝ պահք պահեմ ու չպահեմի:

Արդարեւ, այսօր մեր շրջապատին մէջ շատեր կան, որոնք ներքնապէս կ՚ուզեն պահք պահել, սակայն շրջապատուած ըլլալով վատ շրջապատով, կը մտածեն ըսելով. «Եթէ պահք պահեմ, արդեօք այսինչը ի՞նչ պիտի խօսի իմ մասիս»: «Եթէ պահք պահեմ, ինչպէ՞ս պիտի կարենամ մասնակցիլ “ընկերներուս” հաւաքներուն»: «Եթէ պահք պահեմ, “ընկերներ”ս պիտի շարունակե՞ն կապ պահել հետս, թէ պիտի ծիծաղին վրաս հազարումէկ տիտղոսներ շարելով անունիս կողքին»: «Եթէ»ներու շարքը տակաւին կրնայ երկարիլ ու երկարիլ:

Առակացին Հեղինակը սակայն շատ յստակ կերպով կը խրատէ մեզմէ իւրաքանչիւրը, ըսելով՝ «որդեա՛կ իմ, եթէ մեղաւորները քեզի գլխէ հանել ուզեն, դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար» (Առ 1.10): Կ՚ուզե՞ս պահք պահել, սակայն կ՚ամչնա՞ս շրջապատէդ, Սողոմոնին գնա՛ ու լսէ՛ անկէ: Կ՚ուզե՞ս պահեցողութեամբ կեանքդ փոխել, հեռացի՛ր մեղաւորներէն, նոյնիսկ եթէ անոնք քու ամենէն մտերիմ բարեկամներդ ու ընկերներդ են: Կ՚ուզե՞ս Աստուծոյ ներկայութիւնն ու ներգործութիւնը վայելել կեանքիդ մէջ, դադրէ՛ «ընկերներուդ» հաւաքներուն մասնակցելէ, ու մասնակցէ՛ Աստուծոյ հաւաքներուն (Ժամերգութիւններուն, Պատարագներուն, Հսկումներուն եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւններուն): Ի վերջոյ կ՚ուզե՞ս լաւ կեանք ապրիլ, այսօր իսկ փոխէ կեանքիդ ղեկը, եւ զայն Աստուծոյ յանձնէ:

Ութերորդ օրուան մարտահրաւէր. պիտի աշխատինք ճի՛շդ ընտրութիւն կատարել մեր կեանքին մէջ: Չմոռնանք սակայն, որ այդ ընտրութիւնը կատարելու համար բազմաթիւ դժուարութիւններէ ու նեղութիւններէ պիտի անցնինք, սակայն եթէ վերջնական ընտրութիւն կատարած ենք, ամէն ինչ յաղթահարելի կ՚ըլլայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2022