ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՈՍՏՈՒՄ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ներս ընթացքի մէջ է Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովը (ԵՆԺ)։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ԵՆԺ-ի վեցերորդ ժողովը երէկ առաւօտ սկսաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ։ Մայրավանքէն ներս ձեռնարկուած քառօրեայ աշխատանքին կը մասնակցին շուրջ 150 պատգամաւորներ, որոնց շարքին կը գտնուին Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, առաջնորդական տեղապահներ, եպիսկոպոսներ, հայրապետական պատուիրակներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ նուիրապետական աթոռներէն, հայրապետական պատուիրակութիւններէն եւ աշխարհասփիւռ թեմերէն ներկայացուցիչներ։ Հարկ է նշել, որ ԵՆԺ 1995 թուականին գումարուած Ազգային եկեղեցական ժողովին կողմէ լիազօրուած մարմին մըն է՝ առաջնահերթօրէն մշակելու համար Հայ Եկեղեցւոյ սահմանադրութիւնը կամ կանոնադրութիւնը։ Նախորդ՝ հինգերորդ ժողովը գումարուած էր 2014 թուականին։
ԵՆԺ-ի 6-րդ նստաշրջանի բացման Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքի առկայ զանազան դժուարութիւններուն։ Իր ելոյթին մէջ Նորին Սրբութիւնը բացատրեց, որ ԵՆԺ կեանքի կոչուած է Ազգային եկեղեցական ժողովի գումարումներու միջանկեալ ժամանակահատուածներուն քննարկելու համար այն խըն-դիրները, որոնք կը յուզեն եկեղեցական կամ ազգային կեանքը։ Ան յիշեցուց, որ 2014-ին հաստատուած էր ԵՆԺ-ի կանոնադրութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ թեմական ուղենշային կանոնադրութեան հաստատման գործընթացի դանդաղաշարժութեան վրայ, շարք մը թեմերէ ներս զանազան պատրուակներով ձգձգումներով հանդերձ։ Իր խօսքերով, յապաղումները կը կասեցնեն մեր եկեղեցւոյ յառաջընթացը եւ կը խաթարեն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել արդիւնաւորումը։ Ան դիտել տուաւ, որ ԵՆԺ կը քննարկէ Ազգային եկեղեցական ժողովի բարեփոխեալ կանոնադրութեան նախագիծը եւ ըսաւ. «Յառաջիկային ձեռնամուխ պիտի ըլլանք եկեղեցական կանոնադրութեան միւս գլուխներու մշակման աշխատանքներուն»։ Նորին Սրբութեան խօսքերով, վերջնական նպատակն է՝ եկեղեցին օժտել ամբողջական կանոնադրութիւնով մը։ Արդարեւ, կանոնադրական հիմքերու հաստատումը պիտի ապահովէ եկեղեցւոյ գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը։ «Եկեղեցւոյ առկայ մարտահրաւէրներուն յաղթահարումը անկարելի է պատկերացնել՝ առանց անոր կառոյցներու սերտ գործակցութեան», աւելցուց Ամենայն Հայոց Հայրապետը, որու համոզմամբ, նոր ժամանակներու բարենպաստ պայմաններով պէտք է մշակել կանոնադրութիւնը։
Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորագոյն երեսակներէն մին, որն է ազգային ինքնութեան պահպանումը։ Ան մատնանշեց, որ մեր եկեղեցւոյ գործունէութեան ընդլայնումն ու արդիւնաւորումը հնարաւոր կը դառնայ հայոց անկախ պետականութեան պայմաններուն ներքեւ, պետական մարմիններու զօրակցութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամուր խարիսխ մըն է ամբողջ հայութեան համար։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ թող Տէրը իր սուրբ աջի հովանին տարածեալ պահէ աշխարհասփիւռ հայութեան վրայ։
ԵՆԺ-ի նստաշրջանի բացման նիստին կազմուեցաւ դիւանը եւ անմիջապէս սկսան քննարկումները, որոնք երեք նիստերու ձեւաչափին մէջ շարունակուեցան մինչեւ երեկոյեան ժամերը։ Խտացեալ ու ծանրաբեռնուած աշխատանք մը կ՚իրականացուի պատգամաւորներուն կողմէ։ Օրակարգի վրայ կը գտնուին՝ Ազգային եկեղեցական ժողովի կանոնադրութեան նախագծի ներկայացումն ու քննարկումը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներու ընտրութիւն, թեմերէ ներս ուղենշային փաստաթուղթի հաստատման գործընթացը, Հայաստանի մէջ ծնելիութեան կացութիւնը, ինչպէս նաեւ «2018 թուական երիտասարդութեան տարի» ծրագրի ներկայացումը։
Ամփոփելով նշենք, որ, ընդհանուր առմամբ, վարչակազմակերպչական արդիւնաւէտութեան ոստումի մը որոնումները յառաջ կը տարուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ԵՆԺ-ի նստաշրջանի տեւողութեան։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԲԱՑԱԿԱՅ
Միւս կողմէ, ԵՆԺ-ի բացման նիստէն վերջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ զանգը-ւածային լրատուութեան միջոցներուն համար։ Հարցումի մը պատասխանելով՝ ան անդրադարձաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի բացակայութեան։ Դիւանապետը նշեց, որ Նորին Ամենապատուութիւնը յարգելի պատճառներով՝ առողջական հարցերու բերումով բացակայած է, հեռաձայնով յայտնած է զօրակցութիւն, իսկ Երուսաղէմի պատրիարքութեան ներկայացուցիչները արդէն մասնակցութիւն կը բերեն ԵՆԺ-ի նստաշրջանին։ Մամլոյ սպասաւորները թէեւ յամառօրէն յիշեցուցին առկայ հարցերը, սակայն դիւանապետը յայտնեց, որ անջրպետներ պէտք չէ ստեղծուին։ Իր համոզմամբ, եկեղեցական կեանքի մէջ յառաջացած տարակարծութիւնները պէտք չէ սպառնան եկեղեցւոյ բնականոն գործունէութեան։
Դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին շօշափեց այլ կարեւոր հարց մը եւս, որուն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ըստ իրեն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը որեւէ յաւակնութիւն չունի թեմերու կալուածներու պարագային եւ հակառակ զանազան շրջանակներու անհիմն պնդումներուն, բացարձակապէս մտադիր չէ իւրացնել այդ կալուածները։