Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՃԿԱՏԱՐԻ ՎԱՆՔԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Ռումանիոյ Սուչաւա քաղաքին մէջ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 9-14 Օգոստոս 2017 թուականներուն տեղի կ՚ունենայ երիտասարդաց համագումար մը։ Ռուամանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեանի հիւրընկալութեամբ։
Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի հայոց թեմերէն երիտասարդներ պիտի ժամանեն Հրաշագործ Ս. Հաճկատար վանքը։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տնօրինութեամբ, յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին, սոյն համագումարին պիտի մասնակցին ժառանգաւոր սան Սարվէն Կսրկ. Պըչաքճեան եւ Օննօճան Հիւլեար։ Երկու երիտասարդները Ռումանիա պիտի ճամբորդեն վաղը եւ քաղաքս կը վերադառնան 15 Օգոստոս, Երեքշաբթի։
Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2017