ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպեցաւ վերջերս Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ ձեռնադրուած տասն նոր քահանաներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը հանդիպման ընթացքին իր օրհնութիւնն ու հայրական պատգամը փոխանցեց քահանայ հայրերուն, որոնց բարի առաքելութիւն մաղթեց իրենց հովուական ծառայութեան մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը կատարեց նաեւ նորաօծ քահանաներու յետագայ ծառայութեան նշանակումները։ Անոնք Հայաստանի կամ արտասահմանի զանազան թեմերուն կամ կառոյցներուն մէջ պիտի քահանայագործեն յառաջիկայ շրջանին։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը վերստին օրհնեց քահանաները եւ անոնց ընծայեց մասնատուփեր, ձեռաց խաչեր ու «Մաշտոց» ծիսարաններ։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018