ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ, Ստեփանակերտի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) հերթական ժողովը։ Բացման նիստին Նորին Սրբութիւնը ԳՀԽ-ի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն փոխանցեց իր հայրապետական օրհնութիւնն ու պատգամը։ Ան բարձր գնահատեց Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանն ու Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը, որոնք Արցախի անկախութեան 25-ամեակի տօնախմբման ներկայ օրերուն հրաւէր ուղղեցին, որպէսզի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը գումարուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց ԳՀԽ-ի ժողովները պարբերական գումարումը հայոց զանազան թեմերէն ներս, ինչ որ խանդավառութիւն եւ հոգեւոր կեանքի զօրացման մեծ խթան մը կը համարուի համայնքներուն համար։
«Արցախ աշխարհ այս այցը ուխտագնացութիւն մըն է մեզի համար. հող մը, ուր ամփոփուած են մեր նախնեաց յիշատակները, ուր կը գտնուին բազում սրբավայրեր։ Եկած ենք մեր խոնարհումը բերելու, ծնրադրելու նուիրական այդ սրբավայրերուն մէջ եւ առ Աստուած մեր աղօթքը բարձրացնելու՝ Արցախի ապահովութեան եւ արցախահայութեան բարօր կեանքին համար», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդգծեց, որ Հայոց Եկեղեցին աշխարհասփիւռ իր թեմերով ու համայնքներով միշտ եղած է եւ կը մնայ արցախահայութեան կողքին, աջակից եւ զօրակից Արցախին՝ իր արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը այս կապակցութեամբ տեղեկացուց, որ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան թեմերուն անունով Մայր Աթոռը վերըս-տին 500 հազար ամերիկեան տոլար գումար կը փոխանցէ Արցախին՝ նպաստելու համար արցախահայութեան կարիքներու դիմագրաւման։ Հայոց Հայրապետը աղօթքով մաղթեց, որ Աստուած իր Սուրբ Աջի հովանիին ներքեւ խաղաղութեան մէջ պահէ Արցախ աշխարհը եւ բարօր ու անվրդով կեանք պարգեւէ անոր քաջարի ժողովուրդին։
Անդրադառնալով ժողովի օրակարգին՝ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ քննարկուելիք խնդիրները մեծ կարեւորութիւն ունին Հայոց Եկեղեցւոյ ժողովական կառոյցներու գործունէութեան կանոնակարգման, եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւէտ կազմակերպման եւ յառաջընթացին համար։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ԳՀԽ-ի անդամներուն նուիրումն ու յանձնառութիւնը՝ մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք։
Մինչ օրակարգի հարցերու քննարկման ձեռնարկելը՝ ժողովականները աղօթք բարձրացուցին ԳՀԽ-ի վաղամեռիկ անդամ հանգուցեալ Ալպերթօ Ճէրէճեանի (Արժանթին) հոգւոյն հանգստութեան համար։
Եռօրեայ նստաշրջանին շրջագծով կը քննարկուին Ազգային-եկեղեցական ժողովի, ԳՀԽ-ի կանոնադրութիւններու մշակման, Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի կանոնադրութեան լրամշակման ընթացքին վերաբերեալ հարցեր։ Կը ներկայացուին նաեւ զեկոյցներ եկեղեցական կառոյցներու եւ թեմերու գործունէութեան առընչութեամբ։
Միւս կողմէ, նոյնպէս երէկ, Վեհափառ Հայրապետն ու ԳՀԽ-ի անդամները այցելեցին Արցախի պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մին, ուր հանդիպում մը ունեցան հրամանատարական կազմի եւ զինուորներու հետ։ Զօրամասէն ներս Վեհափառ Հայրապետն ու ԳՀԽ-ի անդամները դիմաւորուեցան ու բարիգալստեան խօսքով ողջունուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար զօրավար Լեւոն Մնացականեանի կողմէ։ Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը շարուած զօրքին բաշխեց իր հայրապետական օրհնութիւնը։ «Պահպանիչ» աղօթքէն յետոյ Վեհափառ Հայրապետը զինուորներուն փոխանցեց իր պատգամը՝ ուրախութիւն յայտնելով դէպի Արցախ իր այցելութեան շրջանակներէն ներս Պաշտպանութեան բանակի զին-ւորներու եւ զօրահրամանատարներու հետ հանդիպման հնարաւորութեան համար։ «Եկած ենք մեր գնահատանքը եւ սէրը արտայայտելու ձեզի, նաեւ բերելու ձեզի մեր խոնարհումը, ձեր իրագործած սխրանքներուն համար, որոնց մենք ականատես եղանք անցեալ Ապրիլի պատերազմի օրերուն, թէ ինչպիսի քաջազնութեամբ դուք կասեցուցիք Ատրպէյճանի զօրքերու յարձակումը, ետ մղեցիք զանոնք մեր սահմաններէն։ Մեր խոնարհումը կը բերենք քաջարի զինուորներուն՝ մեր ազգի հերոս զաւակներուն, որոնք իրենց կեանքով այդ օրերուն պաշտպանեցին մեր հայրենիքը։ Թող երկնքէն միշտ լոյս եւ օրհնութիւն իջնէ անոնց շիրիմներուն։ Փա՛ռք ձեզ, հայոց բանակի քաջարի մարտիկներ։ Վերստին, փա՛ռք ձեր ընկերներուն, որոնք կը հանգչին Արցախի եւ Հայաստանի նուիրական ու սուրբ հողին մէջ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Նշելով, որ հայրենիքի պաշտպանութիւնը սրբազան ծառայութիւն մըն է ազգի իւրաքանչիւր զաւկին համար՝ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց հաւատի զօրացումը։ «Հաւատով է, որ մեր ժողովուրդը տարած է իր պատմութեան բոլոր յաղթանակները՝ Վարդանանց պատերազմէն սկսեալ մինչեւ Արցախ։ Արցախի մէջ Ապրիլի պատերազմի օրերուն մեր զինուորներուն մօտ մենք տեսանք այդ զօրեղ հաւատի ճառագումը։ Շնորհիւ յաղթական ոգիի եւ հաւատի մեր զինուորները կարողացան յաղթական դուրս գալ այդ պատերազմէն։ Սիրելիներ, այս հողը սուրբ ու նուիրական է, որովհետեւ այստեղ ունինք նուիրական սրբութիւններ՝ դարերով կերտուած հաւատաւոր մեր զաւակներուն կողմէ։ Այս հողը սուրբ ու նուիրական է, որովհետեւ այստեղ հեղուած է քրտինքը, նաեւ արիւնը մեր պատուական զաւակներու եւ մեր նախնիներու։ Այսօր դուք էք պաշտպանները այս նուիրական հայրենիքին։ Այս սահմանները անառիկ պէտք է պահել՝ նուիրումով, հաւատով եւ խիզախ հերոսական ոգիով, զոր կը կրէք ձեր անձերուն մէջ։ Դուք մշտապէս մեր աղօթքներուն մէջ էք, մենք կը սիրենք ձեզ։ Ձեզ կը սիրէ ազգի իւրաքանչիւր զաւակը թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի հեռաւոր ափերուն մէջ։ Մեր ազգը իր սիրով ու ոգիով, իր կարելիութիւններու ընծայաբերումներով եւ յանձնառութիւններով միշտ ձեր կողքին է։ Ձեզի հետ է նաեւ մեր եկեղեցին իր հնարաւորութիւններով ու կարողութիւններով, ինչպէս նաեւ իր սպասաւորներով», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Արցախի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Բարձրեալին հայցեց, որպէսզի միշտ յաղթական ըլլայ հայ զինուորի բազուկը եւ Աստուած անվտանգ եւ բոլոր փորձութիւններէն հեռու պահէ երիտասարդները՝ որպէսզի փառքով եւ պատուով իրենց ծառայութիւնը աւարտելով վերադառնան իրենց ընտանիքներուն՝ ուրախութիւն պարգեւելով իրենց ծնողներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ Տէրը իւրաքանչիւր զինուորի կեանքի ընթացքը զարդարէ յաջողութիւններով ու յաղթանակներով, որպէսզի միշտ շէն ըլլայ հայոց աշխարհը, հզօր՝ հայոց բանակը եւ հայ ժողովուրդը խաղաղութեան մէջ ապրի ու կերտէ իր բարօր կեանքը։ Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը եւ ԳՀԽ-ի անդամները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին զինուորներուն հետ։