ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ՀԱՅՐ ԳԱՍՊԱՐ ՎՐԴ. ՊԷՅԼԷՐԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը ունեցած է մեծ կորուստ մը։ Հայ կաթողիկէ կղերը կը սգայ իր երիցագոյն անդամներէն Հայր Գասպար Վրդ. Պէյլէրեանի վախճանումը։ Ան ի Տէր հանգած է 89 տարեկան հասակին, քահանայագործութեան 58-րդ տարուան մէջ։ Հոգելոյս Հայր Գասպար Վրդ. Պէյլէրեան երկար տասնամեակներ եղած էր Գատըգիւղի Ս. Լեւոն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, եղած էր նաեւ նուիրեալ կրթական մշակ մը եւ այս բոլորով հասարակական կեանքէն ներս կը վայելէր մեծ յարգանք ու համակրանք, նաեւ սիրաշահած էր ամբողջ Գատըգիւղի ընտանիքի անվերապահ սէրը։
Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի դիւանը այսօր հրապարակած է Հայր Գասպար Վրդ. Պէյլէրեանի մահազդը, որ մեր Դ. էջին վրայ հրապարակուած է առանձնապէս։
Հայր Գասպար Պէյլէրեան, աւազանի անունով Մանուկ, ծնած էր 18 Մարտ 1928-ին, Իսթանպուլի մէջ։ Յաճախած էր Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։ Իսթանպուլի համալսարանէն ներս հետեւած էր իրաւաբանութեան։ 1951-ին մեկնած էր Լիբանան ու մուտք գործած՝ Զմմառի դպրեվանքը։ Ան Զմմառի միաբանութեան Ճունիի փոքր ընծայարանին մէջ մնացած էր մինչեւ 1953 թուականը։ Երկու տարուան պատրաստութեան շրջան մը անցընելէ վերջ մեկնած էր Հռոմ, ուր յաճախած էր Լեւոնեան հայ կաթողիկէից վարժարանը եւ Յիսուսեաններու «Գրիգորեան» համալսարանը։ Մասնագիտացած էր փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վրայ։ 1959 թուականին, համալսարանը աւարտելէ վերջ, Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ։
Նոյն տարին Պոլիս վերադառնալով կատարած էր զինուորական ծառայութիւնը՝ իբրեւ պահեստի սպայ, Թէքիրտաղի մէջ։ 1961 թուականին նշանակուած էր Գատըգիւղի Ս. Լեւոն եկեղեցւոյ ժողովրդապետ։ Հովուական այդ պաշտօնը վարելու ժամանակ կը կազմակերպէր ուխտագնացութիւններ՝ դէպի Անատոլուի համաքրիստոնէական ուխտավայրերը եւ այդ պտոյտները տակաւին թարմ կը մնան մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ եղած էր Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ եւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգաբարձուն։ Կրօնագիտութիւն եւ բարոյագիտութիւն դասաւանդած էր պոլսահայ զանազան վարժարաններէն ներս։ 1997 թուականին հոգաբարձու նշանակուած էր նաեւ Օրթագիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէից եկեղեցւոյ համար։
Յառաջացած տարիքին եւ վատթարացած առողջութեան հետեւանքով 2007 թուականին կոչուած էր հանգստեան։ Այդ թուականէն ի վեր կը վայելէր Ս. Յակոբ հայ կաթողիկէ հիւանդանոցի ասպնջականութիւնը։
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Պէյլէրեան Վարդապետ հոգին աւանդեց Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ։ Ան բարի ու ազնիւ նկարագրով հոգեւորական մըն էր, որ մարդկային ամէն տեսակ առաքինութիւն խտացուցած էր իր անձին մէջ։ Բոլոր անոնք, որոնք կը յիշեն իր ծառայութիւնները՝ հրաժեշտի տխուր պահուն իրենց խոնարհումը կը բերեն անոր մեծ վաստակին եւ նուիրումին առջեւ։
Հայր Գասպար Վրդ. Պէյլէրեանի յուղարկաւորութիւնը Շաբաթ տեղի պիտի ունենայ Գատըգիւղի Ս. Լեւոն եկեղեցւոյ մէջ, որու հետ գրեթէ նոյ գնացած էր՝ երկար տասնամեակներու ծառայութեան բերումով։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։