Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, թէ Նորին Սրբութիւնը ամսավերջին պիտի նախագահէ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանին, որ նախատեսուած է Նիւ Եորքի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին այս ուղեւորութիւնը պիտի կայանայ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի, ինչպէս նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի համատեղ հրաւէրով։ Նիւ Եորքի մէջ ԳՀԽ-ի հերթական նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 31-Նոյեմբեր 3 թուականներուն։
«Սուրբ Էջմիածնէն՝ աշխարհին» կարգախօսով ԳՀԽ պիտի քննարկէ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել արդիւնաւորման վերաբերեալ հարցեր։
Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ նաեւ ԳՀԽ-ի, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու թեմական խորհուրդներու եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան միացեալ ժողովը։ Այս առթիւ, ըստ էութեան, քննութեան պիտի առնուի «Ինչպէ՞ս հասնիլ Հիւսիսային Ամերիկայի հայութեան» նիւթը։
Իր կեցութեան օրերուն, Հոկտեմբերի 29-ին, Նիւ Եորքի մէջ Վեհափառ Հայրապետը ներկայ պիտի գտնուի նաեւ ՀԲԸՄ-ի 89-րդ համաժողովին եւ հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներուն։
Հոկտեմբերի 30-ին Վեհափառ Հայրապետը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ եւ արարողութեան աւարտին պիտի կատարուի Հայրապետական մաղթանք՝ իր գահակալութեան 17-րդ տարեդարձին առթիւ։ Նոյեմբերի 12-ին, Վեհափառ Հայրապետը պիտի հանդիսապետէ Ս. Ներսէս հայկական ճեմարանի նոր համալիրի, նաեւ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Նորին Սրբութեան ձեռամբ պիտի կատարուի ճեմարանի Ս. Յակոբ մատրան օծումը։
ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Միւս կողմէ, երէկ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ եռօրեայ միջազգային գիտաժողով մը։ «Սուրբ Գրքի հայերէն թարգմանութիւնն ու հրատարակութիւնը պատմութեան հոլովոյթին մէջ» խորագրեալ այս գիտաժողովը ձօնուած է հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի լոյս տեսնելու 350-ամեայ յոբելեանին։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է այս գիտաժողովը, որուն կը մասնակցին աւելի քան երեք տասնեակ հայ կամ օտար պատմաբաններ, ծիսագէտներ եւ աստուածաբաններ՝ Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, ԱՄՆ-էն եւ Գանատայէն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանականները եւ ճեմարանականներն ալ այլ հիւրերու կարգին մասնակցութիւն կը բերեն գիտաժողովին։
Գիտաժողովի սկիզբին հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ այս եզակի յոբելեանին առթիւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տրուած սրբատառ կոնդակը։ Մայր Աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի կողմէ ընթերցուեցաւ սրբատառ կոնդակը, իսկ աւելի վերջ ելոյթներով հանդէս եկան Ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան եւ Մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։
Այս գիտաժողովին փակումը տեղի պիտի ունենայ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին օրը՝ Օշականի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց դպրատուն» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ։