ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍԻՏՆԻԷՆ ԱՆՑԱՒ ՄԵԼՊՈՒՌՆ

Դէպի Աւստրալիա հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը աւարտեց Սիտնիի շփումները եւ անցաւ Մելպուռն։ Վեհափառ Հայրապետի այս ուղեւորութեան իւրաքանչիւր փուլը մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ եւ այդ առումով կը համարուի յաջողած։ Նորին Սրբութեան Սիտնիի մէջ գտնուած օրերը իսկապէս դարձան անմոռանալի, որովհետեւ տեղւոյն հայութիւնը հոգեւոր ցնծութեան անկրկնելի պահեր վայելեց։

Սիտնիէն Մելպուռն անցնելէ առաջ, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ ժամանակ յատկացուց աւստրալահայ նոր սերունդին։ Այսպէս, ան այցելեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ հովանաւորուած «Ալեքսանտր» վարժարանը։ Բաց աստի, Մելպուռն անցնելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Սիտնիի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։

Մայր Աթոռի աղբիւրներու հաղորդումներով, վարժարանի առջեւ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին կրթօճախի յիսուն սաները, ՀԲԸՄ-ի Սիտնիի մասնաճիւղի ատենապետ Միհրան Լեփեճեան, հոգաբարձական կազմը՝ ղեկավարութեամբ ատենապետուհի Սօսի Կիրակոսեանի, տնօրէն Մանուկ Տեմիրճեան, ուսուցիչները եւ ծնողները: Աղ ու հացի օրհնութենէն յետոյ վարժարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ բարիգալստեան հանդիսութիւն: Հնչեցին Աւստրալիայի եւ Հայաստանի օրհներգերը, ապա Վեհափառ Տիրոջ բարի գալուստ մաղթեցին Սարգիս Մանուկեան եւ աշակերտներէն Սամսոն Բանիքեան:

Այնուհետեւ վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական յայտագրով՝ իրենց երգերով եւ արտասանութիւններով զարմանք պատճառելով Վեհափառ Հայրապետին, հոգեւորականաց դասին եւ ներկաներուն:

Իրենց խօսքը մանուկներուն ու պատանիներուն ուղղեցին Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան։

Խօսքի աւարտին Հայկազուն Սրբազանը հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը՝ իր հայրական օրհնութիւնը բաշխելու վարժարանի աշակերտներուն:

Ուրբաթ, Փետրուար 8, 2019