ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԳԱՅ Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱՔԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերջին օրերուն հրաժեշտ տուաւ իր երիցագոյն միաբաններէն Տ. Եփրեմ Արք. Թապաքեանին, որու վախճանումը խոր ցաւ յառաջացուցած էր։ Հոգելոյս բարձրաստիճան եկեղեցականին վերջին օծման, յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգերը տեղի ունեցան Լոս Անճելըսի մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս տեղի ունեցան հոգելոյս սրբազանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնները։ Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ան յուղարկաւորուեցաւ յընթացս Սուրբ Պատարագի, զոր մատոյց Արեւմտեան թեմի անթիլիասական առաջնորդ Տ. Թորգոմ Եպսկ. Տօնոյեան։ Պատարագիչ սրբազան հայրը կատարեց վերջին օծումը եւ դամբանական մը խօսեցաւ՝ վեր առնելով անոր ծառայութիւնները։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ բարձրաստիճան եկեղեցականներ եւ բազմաթիւ հաւատացալներ։ Հարկ է նշել, որ Տ. Եփրեմ Արք. Թապաքեան եղած էր նոյնպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի նախկին առաջնորդներէն։

Նորոգ վախճանեալ սրբազանին մարմինը ամփոփուեցաւ Հոլիվուտի Ֆորըսթ Լոն գերեզմանին մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2023