ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԽՐՈՒԱԹԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Խրուաթիոյ Արտաքին եւ Եւրոպական գործոց նախարար Կորտան Կրլիչ Ռատմանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հիւր պատուիրակութեան ներկայացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առանձնայատուկ դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ այսօր ալ Հայ Եկեղեցին կը շարունակէ իր այդ կարեւոր առաքելութիւնը։ Ան յոյս յայտնեց, որ հիւր նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան այցելութիւնը խթան կը հանդիսանայ Հայաստան-Խրուաթիա յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան ամրապնդման։

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց Լաչինի միջանցքի վերաբացման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ տարուելիք աշխատանքը։ Ան միեւնոյն ժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրեց Ատրպէյճանի հայ գերիներու կացութեան վրայ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2023