Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ՈՒԱՅԹՓԸԼԷՅՆՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, շաբաթավերջին պատարագեց Ուայթփլէյնսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Գարեգին Աւ. Քհնյ. Գասպարեան, Տ. Արշէն Աւ. Քհնյ. Այվազեան եւ տեղւոյն երէցը՝ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Յովսէփեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Միրիճան Սրկ. Ճիվէլէքեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արթիւր Իփէքի։ Օրուան քարոզին մէջ պատարագիչ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան անդրադարձաւ հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին։ Ան ընդգծեց, որ այս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան նպաստած բարերարներու խնդրանքը եղած էր սրբավայրի ան-ւանակոչումը՝ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նմանութեամբ։

Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։ Այս առթիւ նշուեցաւ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Յովսէփեանի ձեռնադրութեան 15-ամեայ յոբելեանը եւ ի նշանաւորումն տարեդարձին հատուեցաւ կարկանդակ մը։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ջերմօրէն շնորհաւորեց հոգեւոր եղբայրը եւ յարատեւութիւն մաղթեց անոր՝ կոչումի ճանապարհին մէջ։ Բացի հոգեւոր հայրերէն, ներկայ էին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի վարչայինները եւ հաւատացեալներ, որոնց բոլորին հետ անմիջական մթնոլորտի մէջ զրուցեց հայր սուրբը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2023