ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱՐԳԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Մեծ Պահքի 17-րդ օրն է:

Կ՚ապրինք ժամանակաշրջան մը, երբ նիւթը ա՛յնքան սկսած է իշխել մարդուն վրայ, որ վերջինս յանուն այդ նիւթին կ՚անտեսէ ու կ՚ոտնակոխէ ամէն տեսակի սրբութիւն, նուիրականութիւն, եւ այլն:

Դիտե՛նք մեր շուրջ բոլորը պահ մը եւ պիտի անդրադառնանք, թէ ինչպէս այսօրուան մարդը սրբութիւն յարգող ըլլալէ աւելի, վերածուած է սրբութիւն անարգող ու անպատուուղ արարածի մը, որուն համար նուիրական սրբութիւնները ո՛չ մէկ արժէք ունին նիւթին եւ աշխարհիկ հաճոյքներու դիմաց:

Սրբութեան գաղափարը հինէն ի վեր գրեթէ բոլոր ժողովուրդները ունեցած են, եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդ, ցեղ կամ հաւաքականութիւն, ունեցած է իր սրբութիւնը, որ անգին գանձի մը նման պահած ու պահպանած է երկիւղածութեամբ եւ զգուշութեամբ:

Իսրայէլի ժողովուրդին մօտ արդարեւ այդ գաղափրը որոշակիօրէն աւելի շեշտուած էր, որովհետեւ ի տարբերութիւն այլ կրօններու չաստուածներուն, Իսրայէլի Աստուածը անոնց հետ կը խօսէր՝ Իր ընտրեալներուն միջոցով եւ կը թելադրէր անոնց իրենց ընելիքը:

Ելից գիրքին 3-րդ գլուխին մէջ օրինակ, արձանագրուած է այն պահը, երբ Տէր Աստուած Մովսէսին կանչած է առաջին անգամ, զինք իր պատգամաբերը դարձնելու համար: Մովսէս, որ իր աներոջ հօտը կ՚արածէր, երբ Քորեբ լեռը կը հասնի, յանկարծ կը նկատէ, թէ մորենի մը ցերեկ ատեն կ՚այրէր, այսինքն՝ կրակ կար վրան, սակայն հետաքրքրականը այն էր, որ չէր սպառեր հակառակ վառուող կրակին: Երբ հետաքրքրութենէ մղուած կը մօտենայ հասկնալու համար կատարուածը, յանկարծ ձայն մը կը լսէ, որ կ՚ըսէ իրեն.

-Մովսէ՛ս, Մովսէ՛ս:

Ան կը պատասխանէ.

-Ահա հո՛ս ես:

Աստուած կ՚ըսէ անոր.

-Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասն զի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է (Կարդա՛ Ելք 3-րդ գլուխը ամբողջութեամբ):

Պարզ օրինակ մը, որ իր մէջ խոր իմաստ ունի: Ո՛չ միայն սուրբ են Աստուծոյ տաճարները, զորս իւրաքանչիւր մարդ պէտք է յարգէ, այլեւ՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը ինքնին սրբութիւն է, եւ մարդ չի՛ կրնար եւ պէտք չէ համարձակի Աստուծոյ մօտենալ ի միջի այլոց, անպատրաստ եւ անուշադիր կերպով: Մեր օրերուն կան բազմաթիւ աղանդաւորական շարժումներ, որոնք փրկուածի կնիքը փակցուցած են իրենց ճակատին, սակայն զԱստուած ա՛յնքան նսեմացուցած են, որ երբ լսէք այդ մարդոց խօսածը, պահ մը կը տարուիք մտածելով, թէ Աստուծո՞յ մասին կը խօսին, թէ՞ մահապարտ որճրագործի մը: Հայաստանի մէջ, մանաւանդ, շատ տարածուած են՝ Աստուած ջան, Յիսուս ջան, Սուրբ Հոգի ջան, Երրորդութիւն ջան, Հայր ջան, Որդի ջան, Հոգի ջան արտայայտութիւնները (եթէ մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներն ալ կը գործածեն այս արտայայտութիւնները, ապա Մեծ պահքի այս շրջանը լաւագոյն առիթն է աշխատելու ձերբազատուիլ այդ վատ սովորութենէն, որ Աստուծոյ գաղափարը անգիտակից կերպով կը նսեմացնէ մեր միտքերուն մէջ, եւ փոխարէնը՝ երկիւղածութեամբ մօտենանք Ամենասուրբ Երրորդութեան անձնաւորութիւններուն, երբ անոնց անուանապէս կը դիմենք), որոնք ուրիշ բան չե՛ն կրնար ըլլալ, եթէ ոչ նուաստացնել Սուրբ Երրորդութեան մեծութիւնը: Աստուած մեր Տէրն է, այո՛, Աստուած սիրո՛ղ Հայր է, այո՛, Աստուած ողորմած է, այո՛, բայց միաժամանակ՝ Աստուած մաշող կրակ է, Անիկա նախանձոտ Աստուած է (տե՛ս Բ. Օր 4.24: Եբր 12.29), որով երբ անյարգալից կը մօտենանք Անոր, կը մաշէ՝ կը լափէ մեզ Իր կրակով:

Հետեւաբար, մենք մեզի փրկուածի թեւեր տալով չոտնակոխենք սրբութիւնները, եւ ամենէն առաջ չանպատուենք ու չնսեմացենք սուրբերուն Սուրբը, մեր Աստուածը, ընդհակառակը մեծարենք ու փառաբանենք զԻնք, Իր՝ մեզի պարգեւած անչափ ու անսահման բարիքներուն ու շնորհներուն համար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

27 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2023