ԳԱՐԹԱԼԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Գարթալի Խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Յարութեան տաղաւարի տօնակատարութիւնները շաբաթավերջին տեղի ունեցան հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտին մէջ։ Քաղաքի Ասիական ափի ծայրամասի այս սրբատեղիին մէջ պատարագեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցի Հրաչ Սրկ. Սուրէնեան եւ ուրարակիր Կարօ Հալէբլի։
Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ կատարուեցաւ նաեւ աւանդական տնօրհնէք։
Ատենապետ Արթին Չանքարի կողմէ գլխաւորուած Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը արարողութիւններէն վերջ ջերմօրէն շրջապատեց տէր հայրը, երգչախումբի անդամները եւ արարողութեան բոլոր մասնակիցները։ Ներկաներն ալ այս առթիւ թաղային խորհուրդը տօնական աւետիսով ողջունեցին եւ յարատեւութիւն մաղթեցին՝ մեր այս հեռաւոր սրբավայրի կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերուն համար։