ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն՝ Պուշ-տիւ-Ռոն տեփարթմանի խորհուրդի նախագահ Մարթին Վասալի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Խումբին ուղեկցեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ տը Քոթինյի։

Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի անվտանգային մարտահրաւէրներուն, Արցախի բռնազաւթման ու հայաթափման, մինչ օրս Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն։ Նորին Սրբութիւնը այս ուղղութեամբ կարեւորեց բարեկամ երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան գործօն քայլերու ձեռնարկումը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024