ՆՈՐ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը կը պատրաստուի 2020-2021 ուսումնական տարուան եւ այս ծիրէն ներս տեսչութիւնը ձեռնարկած է ընդունելութեան քննութիւններու կազմակերպման աշխատանքներուն։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը ունի Աստուածաբանական համալսարանի կարգավիճակ։ Թէ՛ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ թէ Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցի համար նախատեսուած են ընդունելութեան քննութիւնները։ Հայաստանէն կամ այլ երկիրներէ մինչեւ 25 տարեկան արական սեռէ դիմորդներ կրնան մուտք գործել ճեմարան՝ պայմանաւ, որ ունենան միջնակարգի կամ աւելի բարձր կրթութիւն եւ ըլլան Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակը։ Տեսչութիւնը դիմորդներուն համար նախատեսած է թէ՛ գրաւոր եւ թէ բանաւոր քննութիւն։

Դիմումները պիտի կատարուին 10 մայիս-20 օգոստոս թուականներուն՝ երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրերը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020