ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՔՈՒՐԱՆԻ ՀՐԿԻԶՈՒՄԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մեհտի Սոպհանին։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց դեսպանը նշանակման կապակցութեամբ եւ մաղթեց արդիւնաշատ ծառայութիւն։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան իւրացման փորձերն ու ոչնչացման փաստերը, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններու ուղղորդումով՝ կրօնական ու մշակութային արժէքներու դէմ յանցագործ գործողութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետը, միեւնոյն ժամանակ, դատապարտելի նկատեց՝ վերջին օրերու Քուրանի հրկիզման դէպքերը։

Իր կարգին, դեսպանն ալ կարեւորեց միջկրօնական երկխօսութիւնը՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական կապերու զարգացման առումով։ Սոպհանի խօսեցաւ տարածաշրջանի իրավիճակին մասին եւ ընդգծեց հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2023